Այսօր ՀՄԸՄ ԼԵՎԱՄ-ի 2023-2024 տարեշրջանի մինի ֆութպոլի տղոց եւ աղջկանց մրցումները կը շարունակուին, ՀՄԸՄ-ի «Հայր Պօղոս Արիս» դաշտին վրայ, ուր տեղի կ՛ունենան կիսաւարտականի մրցումները:
Կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, առաջին դաշտին վրայ, Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի աղջկանց խումբը պիտի մրցի Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան քոլեճի խումբին դէմ: Երկրորդ կիսաւարտական մրցումին, Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարանի աղջկանց խումբը պիտի մրցի Ազգային միացեալ վարժարանին դէմ, 2-րդ դաշտին վրայ:
Կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի 14 տարեկանէն վար տղոց խումբը պիտի մրցի Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի տղոց դէմ, առաջին դաշտին վրայ: Երկրորդ դաշտին վրայ, կիսաւարտականի 2-րդ մրցումը իրար դէմ կը հանէ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի տղաքը (14 տարեկանէն վար) եւ Հայ կաթողիկէ Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանի տղաքը:
Կէսօրէ ետք ժամը 13:00-ին, առաջին դաշտին վրայ, Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի 15 տարեկանէն վեր տղոց խումբը պիտի մրցի Հայ կաթողիկէ Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանի տղոց դէմ, մինչ միւս կիսաւարտականին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի 15 տարեկանէն վեր տղոց խումբը պիտի մրցի Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի տղոց դէմ, 2-րդ դաշտին վրայ:
Պասքեթպոլի մրցումները պիտի շարունակուին վաղը` հետեւեալ յայտագիրով.
Ժամը 10:00-ին, աղջիկներ 14 տարեկան եւ վար – Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարան – Ազգային միացեալ վարժարան
Ժամը 11:00-ին, աղջիկներ 15 տարեկան եւ վեր – Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ – Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարան – Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան
Ժամը 12:00-ին, տղաներ 14 տարեկան եւ վար – Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան – Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան
Ժամը 13:15-ին, տղաներ 15 տարեկան եւ վեր – Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան – Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան
Ժամը 14:30-ին տղաներ 15 տարեկան եւ վեր – Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ – Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարան


