Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութիւնը Համաձայն Գտնուեցաւ Սեփական Մարզի Պաշտօնեաներուն Նուազագոյն Աշխատավարձը 18 Միլիոն Լ. Ոսկիի Վերածել` 9 Միլիոն Լ. Ոսկի Փոխադրածախսի Կողքին

April 5, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ նախագահեց կառավարութեան ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին յայտնեց, որ հարաւային Լիբանանի վրայ կատարուած իսրայէլեան յարձակումներն ու գործուած ոտնձգութիւնները տակաւին կը շարունակուին` արձանագրելով նահատակներ, վիրաւորներ եւ հսկայական քանդում:

Ան դիտել տուաւ, որ շուրջ 100 հազար քաղաքայիններ հարաւային Լիբանանէն տեղահանուած են, արձանագրուած են 331 զոհեր եւ շուրջ 1000 վիրաւորներ:

«Հիմնական աղէտը սակայն երկրագործական մարզը հարուածած է: 800 հեկտար մշակման հողեր ամբողջութեամբ վնասուած են, ինչպէս նաեւ 340 հազար անասուններ կորսուած, իսկ երկրագործութեամբ զբաղող քաղաքացիներուն 75 առ հարիւրը կորսնցուցած են իրենց աշխատանքը, այլ խօսքով` օրուան ապրուստը վաստկելու միջոցները», ընդգծեց Միքաթի:

Միքաթի հարաւային Լիբանանը յայտարարեց երկրագործական իմաստով աղէտի գօտի եւ միջազգային հասարակութենէն պահանջեց պարտադրել, որ թշնամի Իսրայէլ կասեցնէ Լիբանանի դէմ իր յարձակումները:

Միքաթի շեշտեց նաեւ, որ հարաւային Լիբանանի մէջ 75 դպրոցներ փակ կը մնան:

Միւս կողմէ, Միքաթի ընդգծեց հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը եւ առաջնահերթութիւնը, որպէսզի իբրեւ հայրենիք եւ պետութիւն` Լիբանանի նկատմամբ վստահութիւնը ամրապնդուի:

Միքաթի զարմանք յայտնեց, որ կիպրական իշխանութիւնները բողոք բարձրացուցած են ապօրինի կերպով Լիբանանէն Կիպրոս հասնող սուրիացի տեղահանուածներուն մասին` հաստատելով, որ ինք Կիպրոսի իշխանութիւններուն հետ պէտք եղած հաղորդակցութիւնները կատարած է` շեշտելով, որ կը փափաքի լաւագոյն յարաբերութիւնները պահել այդ երկրին հետ եւ տեղահանուածներու իր տագնապը Կիպրոս չարտածել:

Միքաթի շեշտեց, որ կառավարութիւնը լուռ եւ հանդարտ կերպով կը շարունակէ ուսումնասիրել դրամատուները վերստին կարգաւորելու թղթածրարը:

Միքաթի բարձր գնահատեց ապահովական կառոյցներուն աշխատանքը, մասնաւորաբար` ոճրագործները բացայայտելու եւ ձերբակալելու անոնց արագութիւնը:

Ս. Զատկուան եւ Ֆիթրի տօներուն առիթով Միքաթի շնորհաւորեց լիբանանցիները եւ ամենայն բարիք մաղթեց Լիբանանին:

Նիստէն ետք աշխատանքի նախարարի պաշտօնակատար Մուսթաֆա Պայրամ յայտարարեց, որ կառավարութիւնը համաձայն գտնուեցաւ սեփական մարզի պաշտօնեաներուն նուազագոյն աշխատավարձը 18 միլիոն լ. ոսկիի վերածել` 9 միլիոն լ. ոսկի փոխադրածախսի կողքին, ինչպէս նաեւ վաւերացուց դպրոցականներու պարագային կրթական նպաստները աւելցնելու հրամանագիրը:

Իր կարգին, կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հալապի յայտնեց, որ կառավարութիւնը համաձայն գտնուած է պրըվէի պետական քննութիւնը փոխարինել ազգային միասնական քննութեամբ մը, որ կը կատարուի պետական եւ սեփական դպրոցներուն մէջ:

Նախորդը

Իսրայէլեան Բանակը Կը Շարունակէ Քանդել Հարաւային Լիբանանը

Յաջորդը

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը Իսրայէլի Կառավարութենէն Ոստիկանութեան Սկսած Տեղահանութեան Վերաբերեալ Պատասխան Կը Պահանջէ

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.