ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ
Սուրիահայ երաժշտասէրները պիտի յիշեն Հալէպի «Զուարթնոց» երգչախումբի յայտագիրներուն մէջ Ռահպանի-Պալի զոյգ անունները, առաջինը` իբրեւ յօրինումի համաշխարհային հռչակ ունեցող երաժիշտներ Ռահպանի եղբայրները, որոնց բազմաթիւ ստեղծագործութիւններէն ընտրանիի մը երգչախմբային մշակումը կատարած է Սալեմ Պալի:
Նախաեղեռնեան շրջանի հալէպահայ բնիկները «եան» մակդիրը չունէին իրենց մականուններուն վերջաւորութեան, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ զաւակներ` Ճանճի, Ղազալ, Աճեմի, Ասֆահանի, Թահհան, Ֆարրա, Նահհաս եւ այլք, ընդհանրապէս արաբախօս, սակայն մաքրամաքուր հայեր էին, որոնք Հալէպի մէջ իրենց հաւատքի սրբավայր ընտրած են Ս. Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցին:
Այս ընտանիքներու զաւակներէն էր հանգուցեալ Սալեմ Պալին, որուն ծանօթանալու բախտը ունեցայ ուղիղ կէս դար առաջ, երբ անդամակցեցայ Համազգայինի «Զուարթնոց» երգչախումբին:
Հալէպեան հաճելի սովորութիւն է միութենական ժողովներէ, մշակութային գործունէութեան` երգչախումբի, թատրոնի, պարախումբի փորձերէ ետք, հաւաքուիլ գաւաթի մը շուրջ` այնտեղ շարունակելու հարցերու քննարկումը, ընդհանրապէս հանգոյցներն ալ այդ մթնոլորտին մէջ քակուած են: Մեր առողջութեան վնասող այս երեւոյթը առողջարար եղած է հասարակական կեանքին ու անոր ընթացքին համար:
Սալեմն ալ հաճելի ներկայութիւն էր լուսահոգի խմբավար Պօղոս Ապաճեանի ու այլ բազմաթիւ տղոց հետ, որոնց գործը այսօր կը շարունակուի ի պատիւ պատնէշի վրայ կանգնած մշակութասէր հալէպահայերու` «Զուարթնոց» երգչախումբի հերթական ու յաղթական ելոյթներ արձանագրելով, նաեւ` համացանցի միջոցով այդ վայելքը հասանելի դարձնելով սփիւռքին:
Երգչախումբի արաբական «Մուաշահաթ» եւ «Քուտուտ» երաժշտական կտորներու մշակած երգացանկը ճոխացաւ իրեն հետ շուրջ քսանհինգ տարիներու գործակցութեամբ, յիշատակելի են` «Լամմա պատա եաթասաննա», «Սեներճիու եովմեն», Ժըպրան Խալիլ Ժըպրանի «Ալմահապպա» կտորները: Միջազգային համբաւ ստացած եւ դաշնաւորումը Սալեմ Պալիի անունով արձանագրուած է «Ֆոք էլ նախել» ժողովրդային երգը, որ «Զուարթնոց»-ի մենակատար Վերժին Պալապանեանը կը մեկնաբանէր:
Տասնամեակ մը առաջ, երբ Ժընեւ հասայ, երկար ընդհատումէ ետք, Սալեմին հետ մտերմանալու բախտին արժանացայ, զարմանքս եւ հիացումս մեծ էր, Սալեմ կատարեալ հայերէն կը խօսէր: Երաժշտական իր ասպարէզի բերումով հայ տղոց հետ գործելու պտուղն էր ատիկա: Հալէպի եւ ընդհանրապէս Սուրիոյ բեմերուն ու զբօսավայրերու երաժշտական լարերու ետին հայը տիրապետող ներկայութիւն եղած է:
Սալեմ Պալի ծնած էր Հալէպ, 1946-ին, եկեղեցասէր ընտանիքի մը յարկին տակ, փոքր տարիքէն հետաքրքրութիւն ու սէր ցուցաբերած է եկեղեցական երաժշտութեան եւ շարականներու հանդէպ: Երկրորդական ուսումը ֆրանսերէն լեզուով ստացած ըլլալուն շնորհիւ, Ֆրանսայէն ուսուցման գիրքեր ապահովելով, կարողացած է երաժշտական գիտելիքներ ձեռք բերել: Այդ օրերուն Սուրիոյ մէջ երաժշտական ուսուցման մասնագիտական հաստատութիւններ չկային տակաւին:
Իր առաջին փորձերը կ՛ըլլան եկեղեցական շարականներու մշակումները, որոնց թիւը կը հասնի տասը կտորներու:
1974-ին կ՛անդամակցի Սուրիոյ արուեստագէտներու սենտիքային` իբրեւ արհեստավարժ երաժիշտ, 1976-էն սկսեալ մաս կը կազմէ երաժիշտ ու երգիչ արուեստագէտներու քննութեան եւ ընդունման յանձնախումբին:
1980-ին սենտիքայի նախագահ Տորետ Լահհամի թելադրութեամբ կը հիմնուի «Ճազ պենտ»-ը` արուեստագէտ Վաչէ Երամեանի ղեկավարութեամբ. Սալեմի կողքին, այստեղ կը մասնակցին` Հրաչ Քասիսը, Կարպիս Օրտիկեանը, Գափոն եւ Տիգրանը:
Ապա կը կազմէ ճազի քառեակը` դաշնամուրի իր կատարումով, այս խումբը արաբական երաժշտութեան առաջին մեկնաբանողը եղած է իր մշակած կտորներով, որուն յայտագիրը Սուրիոյ պետական հեռատեսիլէն ցուցադրուած էր երկար տարիներ: Խումբը իր մասնակցութիւնը բերաւ Զուիցերիական-սուրիական ճազի փառատօնին:
1997-ին ասպարէզի բերումով կը մեկնի Լիբանան, 1998-ին կը հրաւիրուի Քասլիքի երաժշտական համալսարանը, ուր կը դասաւանդէ Արեւելեան երաժշտութեան զարգացման պատմութիւն, արեւմտեան եւ արեւելեան երաժշտութեան բաղդատութիւն եւ երաժշտութեան մշակման օրէնքները: Նոյն շրջանին սերտ գործակցութիւն կ՛ունենայ տեղացի մենակատարներու հետ, կը մշակէ ու կը դաշնաւորէ Մաժիտա Ռումիի հանրածանօթ «Թալլի պիլ ապեատ» երգը:
Քասլիքի համալսարանի կազմակերպութեամբ, իր մասնակցութիւնը կը բերէ Արաբական երաժշտութեան տասնվեցերորդ համագումարին` ներկայացնելով արեւելեան երաժշտութեան խազային քառորդ ձայնի հարցը:
Կատարած է բազմաթիւ այլ մշակումներ եւ յօրինումներ, որոնցմէ կարելի է յիշել` «Կելկամէշ» դիւցազներգութիւնը, «Ինկիտօ»-ն, «Սինտիպատ»-ն ու «Շահրազատ»-ը:
Իր մասնակցութիւնը կը բերէ սուրիական երգի փառատօնին` իբրեւ կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամ, 2004-ին, ուր նախորդող տարին, իբրեւ բանախօս, ներկայացուցած էր «Եկեղեցական երգեցողութիւնը»:
Արաբական երաժշտական խազերու եւ դաշնամուրային կատարողութեան որպէս ուսուցիչ` ունեցած է բազմաթիւ աշակերտներ, որոնք իրենց հմտութեան ու յաջողութեան առիթով կը յիշեն զինք` իբրեւ ռահվիրայ Սուրիոյ երաժշտական երկնակամարին վրայ:
Տասնամեակէ մը ի վեր, Ժընեւի մէջ, որպէս մտերիմներ, պանդխտութեան զգացումներով կը պեղէինք անցեալի յիշատակներ: Այստեղ ալ Սալեմ ծառայեց Հայ առաքելական Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ «Հաւատամք» երգչախումբի 2016-ի ելոյթին` իր մասնակցութիւնը բերելով դաշնակի ընկերակցութեամբ:
Սալեմ ընտանիք կազմած էր Մակտա Թումայի հետ, բախտաւորուած են երեք զաւակներով, որոնցմէ Գրիգորը Ժընեւի մէջ ՄԱԿ-ի մէջ թարգման է, երկուորեակ դուստրերը` Ճեսին ու Սիլվին, ճարտարապետ ու համակարգչային ճարտարագիտութեան վկայեալներ են, բոլորն ալ ընտանիքներ կազմած են եւ Սալեմին շնորհած` վեց թոռներու մեծ հայր ըլլալու հաճոյքը:
Առողջական պատճառներով, ան իր աչքերը փակեց 24 մարտ 2024-ին:
Թաղման կարգը կատարուեցաւ Ժընեւի կեդրոնական Սեն Ժորժ գերեզմանատան եկեղեցւոյ մէջ, չորեքշաբթի, 3 ապրիլին, Զուիցերիոյ առաջնորդական տեղապահ եւ Ժընեւի հոգեւոր հովիւ Գուսան ծ. վրդ. Ալճանեանի ձեռամբ:
Իբրեւ պանդուխտ հալէպահայ, ընդհանրապէս` «Փոխան ափ մը հողի», կը յիշատակեմ հեռակայ բարեկամներու եւ հարազատներու մասին: Սալեմի դագաղին ափ մը հող եւ ծաղիկ մը նետելու «բախտ»-ը ունեցայ` բոլոր հալէպահայերու փոխարէն, որոնք ճանչցած եւ վայելած են անոր շնորհները:
Ժընեւ


