Վրաստանի խորհրդարանի նախագահ Շալվա Փափուաշվիլի ափսոսանք յայտնած է, որ Եւրոպական Միութիւնը չէ որոշած Վրաստանի` միութեան անդամակցութեան հարցով բանակցութիւններ սկսիլ: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու ղեկավարները 21 մարտին Պոսնիոյ հետ անդամակցութեան շուրջ բանակցութիւնները սկսելու որոշում տրուած էր Պոսնիոյ, իսկ դեկտեմբեր 2023-ին Ուքրանիոյ եւ Մոլտովայի վերաբերեալ նման որոշում տրուած էր, իսկ Վրաստանին տրուած էր միայն Եւրոպական Միութեան թեկնածու երկրի կարգավիճակ եւ 9 յանձնարարականներ, որոնց կատարումէն ետք կարելի պիտի ըլլայ անդամակցութեան շուրջ բանակցային հոլովոյթը մեկնարկել:
«Բոլոր առումներով մենք յառաջ անցած ենք Ուքրանիայէն, Մոլտովայէն, Պոսնիայէն: Մենք կրնանք միայն ափսոսանք յայտնել, որ Վրաստանի պարագային նման որոշում չէ տրուած», ըսած է Փափուաշվիլի:
Միւս կողմէ, ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Մոլտովայի` Եւրոպայի հետ համարկման հարցերով փոխվարչապետ Քրիսթինա Կերասիմովան` մեկնաբանելով Պրիւքսելի վեհաժողովի արդիւնքները, յայտնած է, որ Մոլտովայի ղեկավարութիւնը յոյս ունի Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան շուրջ բանակցութիւններուն սկսիլ 2024 թուականին:
Անոր համաձայն, իշխանութիւնները յոյս ունին, որ Մոլտովան Եւրոպական Միութեան անդամ պիտի դառնայ մինչեւ այս տասնամեակի աւարտը:


