Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դարձեալ Գրիգոր Լուսաւորիչ

March 23, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐՇԱԿՈՒՀԻ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ  

Կիրակի, 17 մարտ 2024-ին, Անթիլիասի վանքէն վերադարձիս, չես գիտեր` ինչո՞ւ, մտապատկերիս մէջ ուրուագծուեցաւ 1951-ին պատահած դէպք մը, որ ազդեցութիւն ունեցած է վրաս:

Այդ օրերուն մենք քոյրերով Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ դպրուհիներ էինք, նոյն ատեն ալ` ԼՕԽ-ի արծուիկներ: Ամէն կիրակի եկեղեցի կ՛երթայինք` իբրեւ դպրուհիներ, մեր դպրապետն էր Գրիգոր Ահարոնեանը, որ շատ խիստ անձ մըն էր:

Արծուիկներս տարին երեք անգամ կ՛երթայինք Անթիլիաս` Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչին, ապրիլ 24-ին, իսկ Ս. Աստուածածնայ տօնին Պիքֆայայի վանք կը բարձրանայինք: Այն դպրուհին, որ մեր եկեղեցին չէր գար, կը պատժուէր, բայց մենք ստիպուած էինք նաեւ յարգելու մեր արծուիկական օրէնքները:

1951-ին ես` իբրեւ արծուիկ, Անթիլիաս գացած էի: Յաջորդ օրը, երբ դպրոց գացի, պատժուեցայ` սրահը կէս ժամ ոտքի մնալով: Պատիժէն ետք երբ դասարան մտայ, աշակերտուհի մը կու լար եւ կը գանգատէր, որ ես իր տետրակին մէջէն այդ օրուան պարտականութիւնը պատռած եմ: Տնօրէնը դասարան գալով` որոշեց զիս պատժել: Երբ ան կանչեց զիս, ես բացատրեցի, որ ես նոր դասարան կը մտնեմ, ինք լաւ գիտէ, որ այդ պահուն սրահը պատժուած էի: Սակայն` ի զուր: Տնօրէնը պոռալով` ըսաւ, որ կը ստեմ, եւ որ` ես  պատռած եմ այդ էջը: Ան աշակերտ մը ղրկեց, որպէսզի իր դարակէն գլանը բերէ (այդ օրերուն գլանով եւ գաւազանով կը ծեծէին աշակերտները), որպէսզի ստող աշակերտը պատժէ: Այդ դասընկերս շատ լաւ գիտնալով, որ ես անմեղ եմ, գնաց ու վերադարձաւ` ըսելով, որ գլանը չէ գտած: Տնօրէնը բարկացած ի՛նք գնաց եւ բերաւ գլանը: Երկու զօրաւոր հարուած իջեցուց ափերուս, որոնք իսկոյն կարմրեցան եւ սոսկալի ցաւեցան, երկու հարուած ալ բաժին հանեց այն աշակերտին, որ ընկերասիրաբար գլանը չէր բերած` զայն ստախօս նկատելով: Այդ տնօրէնը երկար չմնաց Ազգային Թորգոմեան վարժարանին մէջ:

Այսօր` աւելի քան 70 տարիներ ետք, այդ ամբողջ դէպքը աչքիս առջեւ պատկերացաւ, եւ ես յիշեցի մանկական այն խոր դառնութիւնը եւ նոյն ատեն ալ մանկական այն որոշումս, որ եթէ ես օր մը ուսուցիչ ըլլամ, ոչ մէկ ատեն անարդարօրէն ոեւէ մէկը պիտի պատժեմ:

Ուստի, իմ բազմամեայ պաշտօնավարութեանս ընթացքին եղայ ընկերը եւ խորհրդակիցը այն բոլոր չար, անկարգ, բայց անմեղ աշակերտներուն, որոնց հետ դարձանք մտերիմներ, նոյնիսկ անոնց աւարտելէն ետք ալ, մինչեւ այսօր, արժանանալով անոնց սիրոյն ու յարգանքին:

18 մարտ 2024

Նախորդը

Տեսակէտ. Այսօր Մեր Հիմնախնդիրը Հայրենիքի Տեսլականը Պահելն Ու Նոր Սերունդին Փոխանցելն Է

Յաջորդը

Լոյս Տեսաւ Երուանդ Փամպուքեանի «Ազգային Հերոս Անդրանիկի Անտիպ Նամակները» Ժողովածուն

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.