103 տարիներ առաջ` 15 մարտ 1921-ին, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան որոշումով, Պերլինի հրապարակին վրայ Թեհլիրեանի արդարահատոյց գնդակով կ՛իյնար Հայոց ցեղասպանութիւնը յղացող ու գործադրող իթթիհատականներէն Թալէաթը:
15 մարտ 2024-ին Մարսէյի «Փլաս փասթէօր» հրապարակին վրայ, կազմակերպութեամբ 11-12 շրջանի քաղաքապետութեան, բացումը կատարուեցաւ հայ ժողովուրդի արդարահատոյց բազուկին` Սողոմոն Թեհլիրեանի կիսանդրիին:
Ներկայ էին ֆրանսական պետական բարձրաստիճան պաշտօնատարներ` Մարսէյի 11 եւ 12 ընտրաշրջանի քաղաքապետ` Սիլվեն Սուվեսթրը, հայազգի երեսփոխան Տիտիէ Փարաքեանը, ծերակոյտի անդամ Վալերի Պուայէն, հարաւի Ֆրանսահայ միութիւնները համակարգող մարմինի համանախագահները, հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեանը, ՀՅԴ Արեւմտեան Կեդրոնական կոմիտէի կազմը, Մարսէյի «Հ. Մարուխեան» կոմիտէի կազմը, «Նոր սերունդ»-ի Կեդրոնական վարչութիւնը, «Աբօ Աշճեան» մասնաճիւղի եւ այլ շրջաններէ ժամանած անդամներ, «Արաբօ» պատանեկան միութեան վարիչ կազմն ու պատանիները, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ ուղեկից միութիւններու` ՀՄԸՄ-ի սկաուտներն ու խորհուրդը, Կապոյտ խաչի ու Համազգայինի վարչութիւնները եւ Համազգայինի Մարսէյի Ճեմարանի ուսուցչական կազմն ու աշակերտութիւնը, ՀԲԸՄ-ի ներկայացուցիչը, ինչպէս նաեւ` մարսէյահայերու յարգելի թիւ մը:
Կղերական դասին կողմէ կիսանդրիին օրհնութեան աղօթքներէ ետք, արձանի նուիրատու Օհան Հեքիմեան արտասանեց իր սրտի խօսքը, որմէ ետք ելոյթ ունեցան պետական, հայկական ու դաշնակցական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ, քաղաքապետ Սիլվեն Սուվեսթրը, երեսփոխան Տիտիէ Փարաքեանը, ծերակոյտի անդամ Վալերի Պուայէն, ՀԲԸՄ-ի ներկայացուցիչ Օրօր Պրիւնան, ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Հրաչ Վարժապետեանը, հարաւի Ֆրանսահայ միութիւնները համակարգող մարմինի համանախագահ Ազատ Պալալաս Գազանճեանը եւ Համազգայինի աւարտական դասարանի աշակերտուհի Վարդենի Դաւիթեանը:
Բոլոր պետական անձնաւորութիւններն ալ դրուատեցին հայ ժողովուրդին ներդրումը ֆրանսական համայնքին ու երկրին մէջ, ինչպէս նաեւ իրենց զօրակցութիւնը արտայայտեցին Հայաստանին ու հայութեան:
Աւարտին աշակերտներուն, պատանիներուն, սկաուտներուն եւ ներկաներուն սրտաբուխ մասնակցութեամբ երգուեցաւ Սողոմոն Թեհլիրեանի նուիրուած «Գինի լից» երգը:
Ձեռնարկէն ետք ներկաները հրաւիրուեցան Պոմոնի հայ առաքելական եկեղեցւոյ սրահը, ուր քաղաքապետարանի կողմէ կազմակերպուած էր հիւրասիրութիւն:


