5 ապրիլին Պրիւքսելի մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Ֆոն տեր Լեյենի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի միջեւ հանդիպումը, որուն ընթացքին պիտի քննարկուին Հայաստանի զարգացման նպաստող եռակողմ համագործակցութեան ուղիները:
Այս մասին «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան:
« 5 հոկտեմբեր 2023-ին Կրանատայի Փաշինեան-Ֆոն տեր Լէյեն միացեալ յայտարարութեան մէջ նշուած էր, որ նախագահ Ֆոն տեր Լեյենը վարչապետ Փաշինեանին տեղեկացուցած է Հայաստանին աջակցելու համար Եւրոպական Միութիւն-Միացեալ Նահանգներ միացեալ քայլի նախապատրաստման մասին: Արդեօք այդ քայլի կազմակերպման վերաբերեալ որեւէ յառաջընթաց կա՞յ», «Արմէնփրես»-ի հարցումին Գրիգորեան պատասխանած է.
«Ոչ միայն յառաջընթաց կայ, այլ նաեւ քայլի օրը նշանակուած է: Սոյն թուականի 5 ապրիլին Պրիւքսելի մէջ կը նախատեսուի կատարել նախագահ Ֆոն տեր Լեյեն-վարչապետ Փաշինեան-արտաքին գործոց նախարար Պլինքըն միացեալ հանդիպումը, որուն ընթացքին կը նախատեսուի քննարկել եռակողմ համագործակցութեան ուղիները, որոնք պիտի նպաստեն Հայաստանի զարգացման: Միջոցառումը նաեւ նպատակ ունի ամրապնդելու Հայաստանի դիմակայունութիւնը: Մօտակայ շրջանին միջոցառման մասին աւելի մանրամասն խօսելու կարելիութիւն պիտի ըլլայ»:


