Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպը, որուն հետ քննարկեց շարք մը լիբանանեան եւ շրջանային հարցեր, ինչպէս նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող իրավիճակը:
Միքաթի եւ Պու Հապիպ քննարկեցին նաեւ ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ին վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու կարելիութիւնը:
Հանդիպումէն ետք Պու Հապիպ շեշտեց, որ Միքաթիի հետ իր տեսակէտները համահունչ էին` աւելցնելով, որ իրենք կը փափաքին Լիբանանի անկախութիւնն ու կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ գերիշխանութիւնը:
«Մենք կը փափաքինք, որ պատերազմը դադրի», հաստատեց Պու Հապիպ:
Միւս կողմէ, Միքաթի նախագահեց նախարարական նիստի մը, որուն ներկայ գտնուեցան ելեւմուտքի եւ վարչական բարեկարգումի պետական նախարարներու պաշտօնակատարներ Եուսեֆ Խալիլ եւ Նաժլա Ռիաշի, նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար, դատաւոր Մահմուտ Մաքքիէ եւ շարք մը այլ պատասխանատուներ:
Նիստէն ետք հրապարակուեցաւ որոշում մը, որուն հիման վրայ ճշդուեցաւ պետական մարզի պաշտօնեաներուն հետեւողականութեան հատուցում տրամադրել:
Միքաթիի այցելեց նաեւ Բնակարանային վարկերու պետական դրամատան ընդհանուր տնօրէն Անթուան Հապիպ, որ ներկայացուց դրամատան նոր ծրագիրները եւ ի գործ դրած ջանքերը` ապահովելու համար վարկեր տրամադրելու հետեւողականութիւնը:
Միքաթի բարձր գնահատեց դրամատան ճիգերը` երաշխաւորելու համար աշխատանքային իր ընթացքը:
Միքաթի ընդունեց երեսփոխան Ուալիտ Պաարինին, որուն հետ քննարկեց հիւսիսային Լիբանանի մէջ տիրող ապահովական քաոսային իրավիճակը` պահանջելով, որ ապահովական կառոյցները համապատասխան ցուցմունքները ստանան` իրենց պարտականութիւնը կատարելու եւ անվտանգութիւն պարտադրելու, յատկապէս տօնական օրերու նախօրեակին:
Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ երեսփոխան Ահմետ Ռըսթոմ:


