ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն հիմնադրութեան 46-ամեակին առիթով, ՖԻՆԻՒԼ-ի հրամանատարութիւնը կոչ ուղղեց բոլոր կողմերուն յանձնառու մնալու ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի ամբողջական գործադրութեան, ինչպէս նաեւ ուղղուելու դէպի քաղաքական եւ դիւանագիտական լուծում:
ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Առոլտօ Լասարօ յայտնեց, որ թիւ 1701 բանաձեւը լուրջ մարտահրաւէրներ դիմագրաւած է` արձանագրուած դէպքերուն պատճառով: «Սակայն անիկա կը մնայ կարեւոր եւ անհրաժեշտ, ինչպէս միշտ: ՖԻՆԻՒԼ-ին մաս կազմող աւելի քան 10 հազար խաղաղապահ ուժերը կը շարունակեն իրենց առաքելութիւնը` հսկելով սահմաններուն եւ նուազեցնելով մագլցումները: Մենք պատրաստ ենք զօրակցելու եւ ներկայ տագնապին խաղաղ լուծման յանգելու», հաստատեց ան:
Զօր. Լասարօ նշեց, որ իրենց կեանքը զոհած զինուորներուն նահատակութիւնը կարելի չէ յօդս ցնդիլ տալ` աւելցնելով, որ այս դժուար պայմաններուն ընթացքին ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն ջանքերը համազօր կը նկատուին անոնց յիշատակը պանծացնելու: «Մեր նահատակ զինուորներուն զոհողութիւնները մեզի կը մղեն շարունակելու մեր աշխատանքը եւ կարճ ժամկէտի վրայ կասեցնելու ապահովական մագլցումները, իսկ երկար ժամկէտի վրայ` հաստատելու խաղաղութիւնը», ընդգծեց ան:
Զօր. Լասարօ բարձր գնահատեց 49 երկիրներէ ՖԻՆԻՒԼ-ին մաս կազմող 10 հազար զինուորներուն աշխատանքը:
Ան նշեց, որ այս տարի ՖԻՆԻՒԼ-ի հրամանատարութիւնը իր հիմնադրութեան տօնակատարութիւնը Նաքուրայի մէջ չնշեց` տիրող լարուածութեան պատճառով եւ թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութիւնը մնայուն կերպով խախտելու պատճառով:


