Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Յատուկ Միջազգային Հնգեակի Դեսպանները Այցելեցին Ժոմպլաթի

March 21, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահական ընտրութեան հարցով Լիբանանի յատուկ միջազգային հնգեակին մաս կազմող երկիրներու Լիբանանի մէջ դեսպանները` Էրվէ Մակրօ (Ֆրանսա), Լայզա Ճոնսըն (Միացեալ Նահանգներ), Ուալիտ Պուխարի (Սէուտական Արաբիա), Ալա Մուսա (Եգիպտոս) եւ շէյխ Սէուտ պըն Ապտել Ռահման պըն Ֆայսալ Ալ Թանի (Քաթար), այցելեցին Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թէյմուր Ժոմպլաթ եւ Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի երեսփոխաններ Ուաէլ Պու Ֆաուր ու Հատի Ապուլ Հասան:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան ցարդ հնգեակին յանգած արդիւնքները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան ներկայ իրադարձութիւնները` ընդհանուր առմամբ, իսկ քաղաքական եւ պատերազմական զարգացումները` մասնաւորաբար:

Միւս կողմէ, դեսպան Մուսա երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ իրենց ունեցած առաջին եւ երկրորդ հանդիպումներուն ընթացքին շօշափած են անոր յստակ եւ նոյն կեցուածքը, որ նախագահական ընտրութիւնը պէտք է կատարել:

Մուսա յայտնեց, որ իրենք նախագահական ընտրութեան թեկնածուներուն անունները չեն քննարկեր, որովհետեւ անիկա իրենց դերակատարութեան մաս չի կազմեր: «Մեր որոնածը քաղաքական տարբեր ուժերուն միջեւ միացեալ ենթահողն է», ըսաւ ան:

Մուսա յայտնեց, որ կան երեք փուլեր, որոնցմէ առաջինը կը պահանջէ երեսփոխանական տարբեր պլոքներուն հետ գործակցիլ եւ անոնցմէ յանձնառութիւն ստանալ` նախագահական ընտրութեան մասին, երկրորդը կը պահանջէ խորհրդակցութիւններ կատարել, իսկ երրորդը կը պահանջէ ուղղուիլ խորհրդարան եւ հանրապետութեան նախագահը ընտրել:

Մուսա նկատել տուաւ, որ հնգեակին նպատակն է գործադրել սահմանադրութիւնը, իսկ քաղաքական կարգ մը ուժեր երկխօսութիւն կատարելու վերաբերեալ մտավախութիւններ ունին, «բայց եւ այնպէս Լիբանանի մէջ բնաւ չէ պատահած, որ հանրապետութեան նախագահը ընտրուի առանց երկխօսութեան: Երկխօսութեան ձեւն ու ոճը քննարկումի առարկայ պէտք չէ դառնան, այլ` պէտք է համաձայնութիւն գոյացնել երկխօսութեան սկզբունքին շուրջ», եզրափակեց Մուսա:

 

 

Նախորդը

Պըրրի Պու Սաապի Հետ Քննարկեց Օրէնսդրական Շարք Մը Հարցեր

Յաջորդը

Ֆրանսայի Դեսպանը Այցելեց Բագրատունիի

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.