Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» Քայրիի Պազըր Պիթըրը Յաղթեց Տենվըրի

March 19, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քայրի Ըրվինկ անգամ մը եւս փաստեց, թէ «Էն. Պի. Էյ.»-ի վերջին տարիներու լաւագոյն կարտերէն մէկն է:

Ան նախապէս 2016-ի աւարտականին անակնկալի բերած էր բոլորը, երբ իր խումբին` Քլիվլենտ Քեւելիրզի հետ 3-1 արդիւնքով ետ մնալէ ետք 4-3 արդիւնքով յաղթած էր` շնորհիւ իր 3 կէտնոց պազըր պիթըրին:

Ան 6,5 մեթրէն ձախ ձեռքով հուքով մը նշանակեց Նիքոլա Եոքիչի վրայէն յաղթանակի 2 կէտերը, որոնց շնորհիւ Տալաս յաղթեց Տենվըրին` 107-105 արդիւնքով:

Թեքսասի մէջ տեղի ունեցած այս մրցումին, 20 հազար 400 համակիրներ ականատես եղան շատ հետաքրքրական մրցումի մը, ուր Նիքոլա Եոքիչ (Սերպիա) իր խումբին` Տենվըր Նակեթցի հետ կը փայլի գրեթէ ամէն մրցումի, ընդդէմ Լուքա Տոնչիչի (Սլովենիա), որ իր խումբին` Տալասի հետ մրցանիշներ կ՛արձանագրէ:

Լուքա Տոնչիչ 37 կէտ նշանակեց, իսկ Քայրի Ըրվինկ 24 կէտ աւելցուց ի նպաստ Տալասի, որ 39-րդ մրցումը յաղթեց 29 պարտութեան կողքին:

Նակեթց, որ 13 կէտով ետ կը մնար 4-րդ մասի կէսերուն, վերադարձաւ մրցումի մթնոլորտին, եւ Ճամալ Մարիի 3 կէտերուն շնորհիւ յառաջացաւ մրցումի աւարտէն 26 երկվայրկեան առաջ:

Տոնչիչ անմիջապէս պատասխանեց 3 կէտեր նշանակելով, արդիւնք` 105-105: Մարիի կորսնցուցած առիթէն ետք, Տալաս թայմ-աութ առաւ մրցումի աւարտէն 2,8 երկվայրկեան առաջ: Ըրվինկ գնդակը ստացաւ իր ձախ ձեռքով, մտաւ Եոքիչի հսկողութեան տակ, եւ մէկ ձեռքով (Ֆլոթըր, ռանըր, հուք, որեւէ ձեւ ալ կրնայ կոչուիլ) հարուածով մը նշանակեց մրցումը շահող կէտերը:

Նիքոլա Եոքիչ 16 կէտ եւ 11 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, մինչ Մարի 23 կէտ նշանակեց ի նպաստ Տենվըրի:

«Քայրիին կը վստահինք: Երբ գնդակը ստանայ, նստիր եւ դիտէ», ըսաւ Տալասի մարզիկ Տերեք Լայվլի, որ 14 կէտ նշանակեց:

«Երբեմն 1 ժամէ աւելի կ՛աշխատիմ ձախ ձեռքիս վրայ, միայն հարուածելով: Կարճ կարտ մը ըլլալով պէտք է շատ կարողութիւններ ունենաս նշանակելու: Եւ այդ կարողութիւնները պատանի տարիքէս կ՛աշխատիմ զօրացնել», ըսաւ 1,8 մեթր Քայրի Ըրվինկ:

Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.

Միլուոքի Պաքս – Ֆինիքս Սանզ 140-129
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Մայեմի Հիթ 101-104
Տալաս Մեւրիքս – Տենվըր Նակեթց 107-105
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Պոսթըն Սելթիքս 104-130
Օրլանտօ Մեճիք – Թորոնթօ Ռեփթըրզ 111-96
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Պրուքլին Նեթց 122-115
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Աթլանթա Հոքս 93-110

Նախորդը

«Սերի Ա.» Ինթեր Միլանի Յաջորդական Յաղթանակներու Շարքը Կանգ Առաւ

Յաջորդը

Ճատրակ. Լեւոն Արոնեան Շահեցաւ «Ամերիքըն Քափ» Մրցաշարքի Տիտղոսը

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ

September 16, 2026
«Եուրոփա Լիկ».  Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա
Մարզական

«Եուրոփա Լիկ». Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա

September 16, 2026
Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի  Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով
Մարզական

Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.