Եւրոպական խորհրդարանը 13 մարտին ընդունած է «Եւրոպական միութեան եւ Հայաստանի միջեւ կապերու սերտացման եւ Ազրպէյճանի ու Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի անհրաժեշտութեան մասին» բանաձեւը:
ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի դիրքորոշումը յիշեալ բանաձեւին վերաբերեալ հետեւեալն է.
Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակը երախտապարտ է Եւրոպական խորհրդարանին` Արցախի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ Ազրպէյճանի ապակառուցողական քաղաքականութեան վերաբերեալ առարկայական դիրքորոշման համար: Իբրեւ համաեւրոպական բնոյթի համայնքային կազմակերպութիւն` Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբը եւ իր տեղական յանձնախումբերը աշխուժօրէն աշխատած են եւ պիտի աշխատին Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ աւելի ամուր, սերտ եւ ուժական կապերու հաստատման համար: Միեւնոյն ժամանակ, հաշուի առնելով շրջանի աշխարհաքաղաքական իրողութիւնները, փոխլրացնող արտաքին քաղաքականութիւնը Հայաստանի համար այն ուղին է, որով պէտք է յառաջ շարժիլ` յանուն ամուր եւ կենսունակ հայկական պետականութեան:
Նկատենք` ի թիւս այլ դրոյթներու, Եւրոպական խորհրդարանի բանաձեւը`
– կ՛առաջարկէ դիտարկել Հայաստանին Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան թեկնածուի կարգավիճակի տրամադրումը` պայմանով, որ Հայաստանը շահագրգռուած է եւ կը համապատասխանէ «Քոփենհակընեան չափանիշներուն»:
– կը նախազգուշացնէ Ազրպէյճանը` Հայաստանի նկատմամբ որեւէ հաւանական ռազմական արկածախնդրութեան համար եւ կ՛ընդգծէ` Նախիջեւանի էքսքլաւի հետ Ազրպէյճանի կապի խնդիրները պէտք է լուծուին Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ լիակատար յարգանքով:
– Ազրպէյճանին կոչ կ՛ուղղէ անկեղծօրէն ներգրաւուելու Լեռնային Ղարաբաղի հայերուն հետ համապարփակ եւ թափանցիկ երկխօսութեան մէջ` ապահովելու անոնց իրաւունքներու յարգանքը եւ երաշխաւորելու անոնց անվտանգութիւնը, ներառեալ միջազգային ներկայութեան ներքեւ իրենց տուները արժանապատիւ եւ ապահով կերպով վերադառնալու եւ ապրելու իրաւունքը:
– կ՛ընդգծէ` Եւրոպական Միութիւնը պէտք է պատրաստ ըլլայ պատժամիջոցներ կիրարկելու ոեւէ անձի եւ կազմակերպութեան նկատմամբ, որ կը սպառնայ Հայաստանի ինքնիշխանութեան, անկախութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան:
– կ՛ընդունի անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան ոլորտին մէջ Եւրոպական Միութեան եւ Հայաստանի համագործակցութեան ամրապնդման հրատապ անհրաժեշտութիւնը:
ՀՅԴ ԲԻՒՐՈՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
15 մարտ 2024


