Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Կալուզինը Անգարայի մէջ հանդիպում ունեցած է իր թուրք պաշտօնակից Պուրաք Աքչափարի հետ: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
Երկու երկիրներու արտաքին գործոց փոխնախարարները քննարկած են ռուս-ուքրանական պատերազմի դադրեցման ուղիները եւ Հարաւային Կովկասի մէջ ստեղծուած կացութիւնը:
Աքչափար եւ Կալուզին ընդգծած են «հայ-ազրպէյճանական կարգաւորման կարեւորութիւնը եւ ատոր նախ եւ առաջ շրջանային ձեւաչափերու ծիրին մէջ նպաստելու անհրաժեշտութիւնը»:
«Անդրադարձ եղած է ռուս-թրքական համագործակցութեան խորացման եւ կառուցողական երկխօսութեան հետագայ միացեալ քայլերուն: Կողմերը համաձայնած են շարունակել հաղորդակցութիւնները», կը նշուի Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան նախապէս յայտարարած էր, որ Թուրքիան պատրաստակամ է ռուս-ուքրանական տագնապի լուծման նպաստելու: Էրտողան միաժամանակ կապեր կը պահէ թէ՛ Ռուսիոյ եւ թէ՛ Ուքրանիոյ նախագահներուն հետ:


