Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անթուան Մուլթաքա. Լիբանանեան Թատրոնի Հսկայ Մը Կնքեց Իր Մահկանացուն 87 Տարեկանին

March 15, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

21 փետրուար 2024-ին մահացաւ լիբանանեան թատերական կեանքին եւ ֆիլմարուեստի աշխարհին մէջ իր դրոշմը ունեցած վաստակաւոր դերասան Անթուան Մուլթաքան:

Ան միշտ պիտի յիշուի Օրեսթի, Կալիկուլայի կամ Մաքպեթի թատերական ներկայացումներուն մէջ ստանձնած իր դերերով: Ան ունէր այս առասպելական կերպարներու կազմուածքն ու ձայնը: Նախքան ճերմակ մօրուք ու սպիտակ մազեր ունենալը եւ մէջքը ծռիլը, 1960-ական թուականներուն, Անթուան Մուլթաքա, լուսարձակներու տակ կամ դուրսը, խորհրդաւոր երիտասարդ աստղ էր:

Ուատի Շահրուրի որդի` ան սկիզբը ընտրեց փիլիսոփայութեան ճիւղը: Բայց շատ արագ հասկցաւ, որ իրեն իսկապէս հետաքրքրողը թատրոնն էր: Ան իր ասպարէզի հիմնադիր նախագիծին մէջ ներառեց իր կինը` Լաթիֆէն, որ կը պատրաստուէր իրաւաբանի ասպարէզին:

Խումբ մը մշակութային ընկերներու հետ ան հիմը կը դնէ թատրերգութեան շրջանին` 1960 թուականին: Իր կնոջ հետ անոնք կը հիմնեն յայտնի «Լիբանանեան թատերական շրջանակը»` մտաւորականներու, թատրոնի սիրահարներու կլոր սեղաններ: Կը շրջագային Պաալպեքի եւ Ռաշայայի մէջ, կը ստեղծեն Էշրեֆիէ թատրոնը, Զոքաք  Պլաթի փորձառական թատրոնը եւ վերջապէս` Մարուն Նաքաշի թատրոնը:

Դերասանն ու բեմադրիչը կը հետազօտէ եւ կը պայքարի լիբանանեան թատերական լեզուի ստեղծումին համար, որ տակաւին գոյութիւն չունէր:

Ան մեծ աշխատանք տարաւ դերասաններ պատրաստելու համար եւ միշտ կը հաւատար, որ թատրոնի մը իսկական յենարանը դերասանն է:

Ան նաեւ օտար թատրոններ կը թարգմանէր եւ կը թարմացնէր ըստ օրուան: Ան հերթաբար ներկայացուց` Սոֆոկլէսը, Շէյքսփիրը, Սարթրը, Տոսթոյեւսքին, Լորքան, Տիւրենմաթը, Չեխովը, Ալպին, Փիրանտելլոն, Քամիւն, որոնք հմայած են հանդիսատեսները:

Մուլթաքա միշտ նախընտրած էր թատրոնը, սակայն ան պատկերասփիւռի մէջ նաեւ իր ազդեցութիւնը ունեցաւ իր առասպելական դերով` «Աշրա ապիտ Զըղար»-ի մէջ: Այս վերջին տարիներուն ան նաեւ յաջողութիւններ ունեցաւ շարժապատկերի աշխարհին մէջ:

 

Նախորդը

Աֆղանիստանի Երգող Քոյրերը Պուրքայի Տակէն Մարտահրաւէր Կը Նետեն Թալեպաններուն

Յաջորդը

Տեսակէտ. Հայ Դատը Քուկդ Չէ…

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.