Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պէյրութի Նաւահանգիստէն. «Նաւահանգիստին Վերակառուցումը Ազգային Առաջնահերթութիւն Է» Շեշտեց Միքաթի

March 14, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ ներկայ գտնուեցաւ հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարութեան կողմէ Պէյրութի նաւահանգիստը վերակառուցելու ծրագիրի մեկնարկին, որուն առիթով հաստատեց, որ Պէյրութի նաւահանգիստին վերակառուցումը ազգային առաջնահերթութիւն է:

Միքաթի ոգեկոչեց Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի զոհերուն յիշատակը` մխիթարութիւն մաղթելով անոնց հարազատներուն:

«Լիբանանի դիմագրաւած այս դժուար կացութեան եւ պատերազմական իրավիճակին ընթացքին` յոյսի նշոյլ մըն է, որ հոս համախմբած է մեզ` իմանալու համար նաւահանգիստի վերակառուցման ծրագիրին մանրամասնութիւնները, անոր ցնցիչ պայթումէն չորս տարի ետք», ըսաւ ան:

Միքաթի նախ շնորհակալութիւն յայտնեց ֆրանսական պետութեան, որ մշակեց այս ծրագիրը` վերականգնելու եւ բարգաւաճեցնելու համար երկրին տնտեսական կացութեան զարկ տուող մայրաքաղաքի նաւահանգիստը:

Ան յայտնեց, որ Ֆրանսայի կողմէ Լիբանանի տարբեր մարզերուն համար տրամադրուած այս օժանդակութիւնն ու զօրակցութիւնը տարօրինակ չեն` նկատի ունենալով երկու երկիրներուն միջեւ պատմական յարաբերութիւնները, որոնք հպարտութիւն կը ներշնչեն:

«Այս իմաստով մեզի համար անմոռանալի կը մնայ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ետք 2020 օգոստոսին Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի Պէյրութ այցելութիւնը, որուն յաջորդեց 2021-ի սեպտեմբերին անոր կատարած երկրորդ այցելութիւնը», շեշտեց ան:

Միքաթի հաստատեց, որ Պէյրութի նաւահանգիստին վերակառուցման առումով ֆրանսական պետութեան մշակած ծրագիրը ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին պիտի գործադրուի` ըլլայ արտաքին օժանդակութեամբ կամ նաւահանգիստին ապահոված նիւթական մուտքերով:

«Երկու պարագային ալ այս ծրագիրը իր գործադրութեան հունին մէջ պիտի դրուի, որպէսզի Պէյրութի նաւահանգիստը մնայ երկրին փարոսը եւ անոր գլխաւոր դարպասը», ըսաւ ան:

Միքաթի շեշտեց նաեւ, որ իրենք կը ջանան նաեւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին շուրջ բացուած հետաքննութիւնը վերսկսիլ` արդարութիւն պարտադրելու համար:

Վարչապետարանին Մէջ

Միւս կողմէ, Միքաթի վարչապետարանին մէջ նախագահեց նիստի մը, որուն ներկայ գտնուեցաւ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարի պաշտօնակատար Ճոնի Քըրըմ, Միջազգային դրամատան Միջին Արեւելքի շրջանի տնօրէն Ժան Քրիսթոֆ Քարէ, ինչպէս նաեւ «Օժերօ»-ի ընդհանուր տնօրէն Իմատ Քրէյտիէ:

Հանդիպումը աւարտելէ ետք Քըրըմ ընդգծեց, որ հանդիպում ունեցած են Միջազգային դրամատան ներկայացուցիչներուն հետ, որոնք յայտնած են Լիբանանին օժանդակութիւն տրամադրելու իրենց ուղղուածութեան մասին:

«Միջազգային դրամատունը կը խօսի 250 միլիոն տոլարի պիւտճէի մը մասին, որ պիտի տրամադրուի Լիբանանի տարբեր մարզերուն, ինչպէս` ուժանիւթի, ջուրի եւ հաղորդակցութեան ծառայութիւններ: Հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարութիւնը ունի շարք մը ծրագիրներ, որոնք պիտի սերտուին եւ ներկայացուին Միջազգային դրամատան` նիւթական նպաստ ստանալու եւ քաղաքացիներուն աւելի լաւ ծառայութիւն մատուցելու համար», ըսաւ Քըրըմ` աւելցնելով, որ հաղորդակցութեան ծառայութեան բարելաւումը իր դրական ազդեցութիւնը պիտի ունենայ լիբանանեան տնտեսութեան վրայ:

Միքաթիի այցելեց նաեւ տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերի, որ քննարկեց նախարարութեան վերաբերող հարցեր:

Վարչապետարանի այցելուներէն եղան նաեւ երեսփոխաններ Ահմետ Խէյր, Մոհամետ Սլէյման եւ Ապտել Ազիզ Սամատ, ինչպէս նաեւ Քազինօ տիւ Լիպանի ընդհանուր տնօրէն Ռոլան Խուրի:

Նախորդը

Ազգային Ազատ Հոսանք. «Նախագահական Ընտրութեան Գործընթացը Կը Մնայ Մութի Մէջ»

Յաջորդը

Պըրրի Պու Ֆաուրի Եւ Սամատի Հետ Քննարկեց Օրէնսդրական Հարցեր

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.