Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի երեսփոխան Ուաէլ Պու Ֆաուրը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական եւ պատերազմական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ օրէնսդրական հարցեր:
Պըրրի ընդունեց նաեւ ներքին գործերու եւ քաղաքապետութեանց հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ժիհատ Սամատը:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկիրը յուզող հարցերը:
Միւս կողմէ, լիբանանեան կարգ մը օրաթերթերու համաձայն, Լիբանանի յատուկ միջազգային հնգեակին մաս կազմող երկիրներուն` Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի, Սէուտական Արաբիոյ, Եգիպտոսի եւ Քաթարի արտաքին գործոց նախարարները մօտիկ ապագային պիտի այցելեն Պէյրութ, ուր պիտի ունենան հանդիպումներ` երկիրը նախագահական ընտրութեան վերաբերող տեղքայլէն դուրս բերելու նպատակով:
Կը նախատեսուի, որ արտաքին գործոց նախարարներուն նիստը գումարուի Պէյրութի մէջ, որուն ներկայ գտնուին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին եւ երեսփոխանական պլոքները:
Հաւանական է, որ նիստը գումարուի մարտ ամսուան ընթացքին կամ Ֆիթրի տօնէն անմիջապէս ետք:


