Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էրտողան Եւ Կիւլ Իրանի Յայտարարութիւններուն Կ՛Արձագանգեն

April 7, 2012
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան կարծր կերպով արձագանգած է Իրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ բանակցութիւնները Դամասկոսի կամ Պաղտատի մէջ կատարելու կարգ մը իրանցի պաշտօնատարներու առաջարկներուն:

«Այս յայտարարութիւնները կը նշանակեն, որ Իրան չ՛ուզեր, որ գործը տեղէն շարժի: Պաղտատի եւ Դամասկոսի տարբերակն ալ կ՛ըսեն հասկնալով, որ ատիկա անիրատեսական է: Յետոյ ալ պիտի ըսեն` մենք առաջարկեցինք, սակայն դուք չհամաձայնեցաք: Ատիկա դիւանագիտական լեզու չէ, այլ լեզու է», ըսած է Էրտողան:

Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ նոյնպէս անդրադարձած է Իրանի խնդիրին եւ չէ բացառած հարցի վերափոխումը զինուորական տագնապի, ինչ որ շրջանին մէջ քաոսի պատճառ պիտի դառնայ:

«Այդպիսի իրադարձութիւններուն Թուրքիան հեռուէն նայիլ չի կրնար: Այդ պատճառով դիւանագիտական աշխուժութիւնը եւ զինուորական նախապատրաստութիւնները Թուրքիոյ համար ոչ թէ ընտրութեան հարց են, այլ անհրաժեշտութիւն», ըսած է Կիւլ:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարք Թոնըր երէկ յայտարարեց, որ Իրանի եւ «5+1» երկիրներու բանակցութիւնները իրենք կը նախատեսեն Պոլսոյ մէջ կատարել` 13-14 ապրիլին: «Մենք տակաւին կը կարծենք, որ հաւաքը պէտք է Պոլսոյ մէջ տեղի ունենայ: Եկած է հանդիպումին վայրը յստակացնելու ժամանակը», ըսած է ան:

Միւս կողմէ, Իրանի Ազգային ապահովութեան գերագոյն խորհուրդի նախագահ Սայիտ Ժալիլի Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին Թուրքիոյ եւ Իրանի միջեւ ռազմավարական յարաբերութեանց կարեւորութիւնը շեշտեց, իսկ Տաւութօղլու յայտնեց, որ Իրանի «5+1»-ի հետ բանակցութիւնները Թուրքիոյ մէջ կատարելու առաջարկը իմաստուն քայլ է:

 

Նախորդը

Թուարեկ Ըմբոստներ Հիւսիսային Մալիի Մէջ Անկախութիւն Կը Հռչակեն

Յաջորդը

«Սուրիական Կառավարութիւնն Ու Ընդդիմութիւնը Այժմ Պէտք Է Լուրջ Քայլեր Առնեն» Կ՛Ըսէ Կաթիլով

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.