Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

March 13, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 89.500 լ. ոսկի:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը նուազած է 4000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինի սակը` 4000 լ. ոսկիով, մազութին սակը` 11.000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազին սակը մնացած է անփոփոխ: Հետեւաբար, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 1.658.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 1.696.000 լ. ոսկի, մազութը` 1.560.000 լ. ոսկի, իսկ պիւթակազը` 946.000 լ. ոսկի:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան ընդունեց Հզօր հանրապետութիւն համախմբումի մէկ պատուիրակութիւնը: Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ, որ նախագահական ընտրութեան համար պէտք է ներքին լիբանանեան լուծում ապահովել, իսկ փոխադարձ խորհրդակցութիւնը այս լուծման դռներէն մէկը կը նկատուի` սահմանադրութեան շրջագիծին մէջ:

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Երկխօսութիւն կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ֆուատ Մախզումիի հետ: Քննարկուեցաւ քաղաքական անձնաւորութիւններուն միջեւ կայանալիք փոխըմբռնումին անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ համախոհական մթնոլորտի մէջ նախագահական ընտրութիւն կատարել:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ Պնաշհիի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լայզա Ճոնսընը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Ֆրենժիէի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ Փաուլօ Պորճիա. քննարկուեցան տեղական, ազգային լիբանանեան եւ եկեղեցական շարք մը հարցեր:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ֆատի Քարամ նշեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի մնայուն կերպով կ՛օժանդակէ նախագահական դատարկութեան փուլին, իսկ Հըզպալլա կը ջանայ ճակատն ու քաղաքական թղթածրարները իրարու կապել:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ շեշտեց, որ հասած են այնպիսի փուլի մը, որուն ընթացքին թշնամի Իսրայէլ իր մորթին վրայ կը զգայ մեր ուժը եւ կը պատրաստուի ճակատումի:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ֆայսալ Սայեղ յայտնեց, որ զինադուլը պիտի ուշանայ, յատկապէս նկատի ունենալով Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութեան մօտալուտ ըլլալը:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ յստակ է, թէ ամերիկացի բանագնաց Էյմըս Հոքշթայնի նախաձեռնութիւնը պիտի մնայ սառած, մինչեւ որ Կազայի բանակցութիւններուն արդիւնքները յայտնուին:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ժորժ Օքէյս շեշտեց, որ կարելի չէ ամերիկացի բանագնաց Էյմըս Հոքշթայնի նախաձեռնութեան վերջնական ձախողութեան մասին խօսիլ` Կազայի շուրջ բանակցութիւններուն արգելակումին պատճառով:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտնեց, որ Դիմադրութիւնը կազմ ու պատրաստ է եւ Կազայի զօրակցութեան իմաստով յետս պիտի չկոչէ իր ճիգերը` մինչեւ բռնարարքներու կասեցումը:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ կեդրոնական խորհուրդի նախագահ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտին յայտնեց, որ Դիմադրութիւնը ցարդ իր հրթիռներուն մեծ մասը չէ օգտագործած, հետեւաբար ոչ ոք թող ջանայ վախցնել Դիմադրութիւնը:

 

Նախորդը

Քաթար. «Կազայի Շուրջ Բանակցային Ջանքերը Կը Շարունակուին, Սակայն Համաձայնութեան Գոյացման Մօտ Չենք»

Յաջորդը

Միքաթի Վրոնեցքայի Հետ Քննարկեց Թիւ 1701 Բանաձեւի Գործադրութեան Մասին Մանրամասնութիւններ

RelatedPosts

Բագրատունի. «Կը Զգուշացնենք Զէնքի  Մենաշնորհման Թղթածրարին Մէջ  Ուժի Կիրարկման Դիմելէ»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Կը Զգուշացնենք Զէնքի Մենաշնորհման Թղթածրարին Մէջ Ուժի Կիրարկման Դիմելէ»

November 9, 2026
Եաշար Կուսակցութիւն. «Այզենքոթ Լիբանանէն  Հեռանալու Բանակցութիւններ Չի Վարեր»
Լիբանանեան

Եաշար Կուսակցութիւն. «Այզենքոթ Լիբանանէն Հեռանալու Բանակցութիւններ Չի Վարեր»

November 9, 2026
«Լիբանանի Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան  Պահպանումը Ֆրանսայի Առաջնահերթութիւններէն Է»  Կ՛ըսէ Ֆրանսայի Դեսպանը
Լիբանանեան

«Լիբանանի Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Պահպանումը Ֆրանսայի Առաջնահերթութիւններէն Է» Կ՛ըսէ Ֆրանսայի Դեսպանը

November 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.