Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Չեմփիընզ Լիկ. Այսօր` Պարսելոնա – Նափոլի Վաղը` Աթլեթիքօ Մատրիտ – Ինթեր Միլան

March 12, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այսօր եւ վաղը կը վճռուին «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի «Չեմփիընզ լիկ»-ի քառորդ աւարտականի հասնող վերջին 4 խումբերը:

Անցեալ շաբաթ Պայերն Միւնիխ, Փարիզ Սեն Ժերմեն, Ռէալ Մատրիտ եւ Մանչեսթըր Սիթի յաղթանակներ արձանագրելով ապահոված էին քառորդ աւարտականի իրենց տոմսերը:

Այսօր գիշեր ժամը 22:00-ին, Պարսելոնա պիտի հիւրընկալէ Նափոլին: Պարսելոնա գրեթէ երիտասարդներով կը խաղայ վերջերս, որովհետեւ իր աստղերուն մէկ մասը վիրաւոր է: Յառաջապահ Ֆեռան Թորիս, Կաւի, Փետրի, Տը Եոնկ, Պալտէ եւ Ալոնսօ վիրաւոր են: Ասիկա առիթ կ՛ըլլայ երիտասարդ տղոց, որ փայլին, ինչպէս է պարագան Ֆերմին Լոփեսի, Լամին Եամալի, Փաու Քուպարսի, Մարք Կույուի, Վիթոր Ռոքէի, որոնք 16-էն 19 տարեկան խումբին մաս կը կազմեն:

Միւս կողմէ, այսպիսի մրցաշարքերու համար վստահաբար փորձառութիւն ալ պէտք է, եւ Նափոլի պիտի վստահի աւելի փորձառու իր մարզիկներուն:

Երթին, Իտալիոյ մէջ արդիւնքը հաւասար աւարտած էր, եւ այսօրուան յաղթականը կը հասնի քառորդ աւարտական: Կարգ մը աղբիւրներու համաձայն, պարտուելու պարագային հաւանական է, որ Չաւի պաշտօնանկ ըլլայ Պարսելոնայի իր մարզիչի պաշտօնէն:

Այս օրուան երկրորդ մրցումին Արսենալ Լոնտոնի մէջ պիտի հիւրընկալէ Փորթոն: Երթին Փորթուգալի մէջ Փորթօ 1-0 արդիւնքով յաղթական դուրս եկած էր, բայց Լոնտոնի մէջ Արսենալի արագ եւ երիտասարդ խումբը կրնայ գլխու ցաւ դառնալ փորթուգալցիներուն համար:

Վաղը ծայր աստիճան հետաքրքրական մրցում մը կը խոստանայ ըլլալ Աթլեթիքօ Մատրիտ – Ինթեր Միլան մրցումը:

Սիմոնէ Ինցակի յայտնեց, որ իր խումբին` Ինթեր Միլանի նպատակն է շարունակել «Չեմփիընզ լիկ»-ի յաջորդող հանգրուաններուն:

«Աթլեթիքոն խումբ մըն է, որ իր դաշտին վրայ տարբեր ձեւի ֆութպոլ կը ցուցաբերէ, քան օտար դաշտի վրայ: Մենք գիտենք, թէ ինչպիսի՛ ֆութպոլիստներ ունին անոնք, եւ ինչպիսի՛ մարզիչ է Տիեկօ Սիմէոնէն, եւ պիտի փորձենք լաւ ձեւով պատրաստուիլ ամէն ինչի: Մեր առջեւ դրուած նպատակն է շարունակել մեր ելոյթները «Չեմփիընզ լիկ»-ի մէջ», ըսաւ Ինցակի: Ինթերէն պիտի բացակային Քուատրատօ, Սենսի եւ Աուկուսթօ:

Աթլեթիքօ Մատրիտ իր կարգին պիտի փորձէ Իտալիոյ մէջ իր պարտութիւնը (1-0) յեղաշրջել, եւ անպայման պէտք է յաղթէ 2 կոլի առաւելութեամբ` խումբի մը, որ Իտալիոյ «Սերի Ա.»-ի լաւագոյնն է եւ կը սեպուի Եւրոպայի այժմու ամէնէն լաւ խումբերէն մէկը:

Մատրիտեան կազմէն պիտի բացակային Ասփիլիկուեթա Խիմինես, Կրիզման, Լըմար եւ Վիթոլօ:

Վաղուան երկրորդ մրցումին, Տորթմունտ Գերմանիոյ մէջ պիտի հիւրընկալէ Նետերլանտներ – ՓՍՎ Այնտհովընը:

Երթին Այնտհովըն 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրած էր Տորթմունտի հետ եւ բաւական դժուար գործ ունի կատարելիք Գերմանիոյ մէջ:

Տորթմունտէն կը բացակայի Հալըր եւ Շլոթերպեք, մինչ Այնտհովըն գրեթէ ամբողջական կազմով է:

Նախորդը

Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի` Արցախի Նուիրուած Օրը. Կտոր Մը Արցախ Լիբանանի Մէջ

Յաջորդը

Եւրոպական Ֆութպոլ. Պայեր Լեւերքուզըն Կը Շարունակէ Յաղթել. Պայերն Ինքզինք Գտաւ…

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  Վաղը` Անդրանիկ – ՀՄԸՄ
Մարզական

Պասքեթպոլ. Վաղը` Անդրանիկ – ՀՄԸՄ

October 24, 2026
Աթլեթիզմ.  Յակոբ Առաքելեան` Կէս Մարաթոնի  Արծաթ Մետալակիր
Մարզական

Աթլեթիզմ. Յակոբ Առաքելեան` Կէս Մարաթոնի Արծաթ Մետալակիր

October 24, 2026
Եուրոփա Լիկ.  Արարատ Արմենիա  Իր Երրորդ Պարտութիւնը Կրեց
Մարզական

Եուրոփա Լիկ. Արարատ Արմենիա Իր Երրորդ Պարտութիւնը Կրեց

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.