Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իշխան Սաղաթէլեան. «Տաւուշի 4 Գիւղերը Յանձնելով` Թշնամին Կը Բերեն, Կը Տեղաւորեն Մեր Թիկունքը»

March 11, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորները կը շարունակեն մարզային հանդիպումները: Հերթական հանդիպումը Արմաւիրի մարզի Արմաւիր գիւղին մէջ էր, հանդիպումին ներկայ էին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեանը, պատգամաւորներ Լեւոն Քոչարեանը, Աղուան Վարդանեանը, Աննա Գրիգորեանը, Ագնեսա Խամոյեանը, Գեղամ Մանուկեանը, Աշոտ Սիմոնեանը եւ ուրիշներ:

«Առանց չափազանցելու մեր երկիրը կանգնած է շատ ծանր եւ նոր մարտահրաւէրի առջեւ», Արմաւիրի մէջ քաղաքացիներուն հետ հանդիպման ժամանակ յայտարարեց Իշխան Սաղաթէլեան:

«Այս իշխանութիւնները, որոնք խաբելով եկան իշխանութեան ղեկին, իրենց վարած գործունէութեան հետեւանքով Արցախի հայաթափումէն ետք Հայաստանը կանգնեցուցած են ծանր խնդիրներու առջեւ: Երկու տիպի մարտահրաւէր ունինք` արտաքին եւ ներքին: Արտաքին իմաստով թուրք-ազրպէյճանական դաշինքը կը շարունակէ նախայարձակումը Հայաստանի նկատմամբ, արդէն բացայայտօրէն կը միջամտէ Հայաստանի ներքին գործերուն, ոչ միայն չկայ դիմադրութիւն, այլեւ Հայաստանի իշխանութիւնները հետեւողականօրէն, շատ յաճախ նաեւ սիրով կը կատարեն թշնամական պետութեան թելադրանքը մեր հայրենիքին մէջ: Թշնամին կը գտնուի Հայաստանի տարածքին մէջ, բացայայտ յաւակնութիւններ կը ներկայացնէ նոր տարածքներու նկատմամբ եւ չկայ որեւէ դիմադրութիւն: Իշխանութիւններուն առաջարկած բանաձեւը հետեւեալն է` տանք որքան կ՛ուզեն` յոյս ունենալով որոշակի պահու մը հասնիլ խաղաղութեան: Սա ձախողած ճամբայ է, եւ Արցախի հայաթափումէն ետք առնուազն, անոնք, որոնք յոյս ունէին, որ տանք, խաղաղութիւն պիտի ըլլայ, առնուազն հիմա պիտի հասկնան, որ սա կեղծ է, պիտի տանի նոր փորձութեան եւ ըստ էութեան մեր պետականութիւնը պիտի դնէ հարցականի տակ», ըսած է ան:

Ըստ Սաղաթելեանի, միւս խնդիրը այն է, որ այսօր Արեւմուտքը կը փորձէ Ռուսիոյ դէմ նոր ճակատ բանալ` ի դէմս Հայաստանի. «Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն վարած քաղաքականութեան հետեւանքով այսօր մեր երկիրը դարձած է ուժային կեդրոններու ազդեցութիւններու բախման միջավայր, որ յղի է ծանր հետեւանքներով: Այս պայմաններուն մէջ ցաւօք, կը շարունակուին ներքին պառակտումները, կը շարունակուի պայքարը ազգային կառոյցներու, եկեղեցւոյ եւ ընդհանրապէս հայկական ինքնութեան նկատմամբ: Այս իրավիճակին մէջ մենք պէտք է պայքարինք թէ՛ ներքին, թէ՛ արտաքին թշնամիներու դէմ»:

Նախորդը

«Ազրպէյճան Կը Պահանջէ Անյապաղ Ազատել Իր Գիւղերը» Կ՛ըսէ Ազրպէյճանի Փոխվարչապետի Գրասենեակը

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (11 Մարտ 2024)

RelatedPosts

Խմբագրական.  Պետականութեան Յարատեւութեան  Կարգախօսին Տակ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Պետականութեան Յարատեւութեան Կարգախօսին Տակ

October 24, 2026
Յարձակումը` Միջանկեալ  Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք.  Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ  Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Յարձակումը` Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք. Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»

October 24, 2026
Գալիլիոյ Մօտ Յարձակումի Պատճառով  Իսրայէլացի 6 Զինուորներ Վիրաւորուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Գալիլիոյ Մօտ Յարձակումի Պատճառով Իսրայէլացի 6 Զինուորներ Վիրաւորուեցան

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.