Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ո՞վ Պիտի Յաջորդէ Թոմաս Թուխելին

March 9, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

2 շաբաթ առաջ յայտարարուեցաւ, որ Պայերն Միւնիխի մարզիչ Թոմաս Թուխել, համաձայնութեամբ Պայերնի տնօրէնութեան հետ, այս ամառ պիտի հեռանայ միւնիխեան ակումբէն:

Թէ ո՞վ պիտի յաջորդէ Թուխելին, լուրջ հարց է, մանաւանդ որ Թուխելի ձախող ընթացքէն վրդոված են շատ մը մարզիկներ եւ կ՛ուզեն լքել ակումբը: Այդ մարզիկներու շարքին են Եոշուա Քիմիչ, Ալֆոնսօ Տէյվիս, Մաթայս Տը Լիխթ, Սերժ Կնապրի, Լէոն Կորեցքա, Տայօ Ուփամեքանօ, մինչ Չուփօ Մոթինկի եւ Պունա Սարի համար  պայմանագրութեան աւարտի ժամանակը հասած կ՛ըլլայ այս ամառ:

Խումբի մարզական պատասխանատու Մաքս Էպրել, ինչպէս նաեւ ընդհանուր տնօրէն Քարլ Հայնց Ռումենիկէ կ՛ուզեն շատ արագ համաձայնիլ մարզիչի մը հետ, որ ինք միայն կրնայ որոշել մարզիկներու վճիռը:

Նոր մարզիչի թիւ 1 թեկնածուն Չապի Ալոնսոն է, որ այժմ Պայեր Լեւերքուզընի հետ պատմական օրեր կ՛ապրի, եւ իր որդեգրած շատ հմայիչ խաղաոճին համար ալ շատ մը խումբերէ կը պահանջուի իբրեւ մարզիչ:

Նոյնինքն Ալոնսօ չ՛ուզեր այժմ որեւէ պատասխան տալ, որպէսզի չխաչաձեւէ Լեւերքուզընի «գործերուն»:

Այս պատճառով ալ Պայերն չ՛ուզեր 1 հոգիի վստահիլ, որ կրնայ չզգալ նոյնիսկ Պայերն մարզելու, եւ թեկնածու մը եւս կը նախատեսուի` յանձին իտալացի Ռոպերթօ Տը Զերպիի: Տը Զերպի այժմ Պրայթընը (Անգլիա) կը մարզէ, եւ հաւանական չի նկատուիր իտալացի մարզիչին Միւնիխ գալը, մանաւանդ որ լեզուի հարց կայ եւ Տը Զերպի վստահաբար գալու պարագային իրեն հետ պիտի բերէ ամբողջական կազմ մը, որ օգնէ իրեն:

Այդ պատճառով Ալոնսոյին անմիջապէս ետին կը գտնուի Սեպասթիան Հէօնես անունը:

Սեպասթիան 41 տարեկան երիտասարդ մարզիչ մըն է եւ զաւակը` Պայերնի նախկին յառաջապահ Տիթըր Հէօնեսի (Ուլի Հէօնեսի եղբայրը):

Սեպասթիան, որ Պայերնի կրտսեր խումբերու մարզիչ եղած է նախապէս, այժմ կը փայլի «Պունտըսլիկա»-ի Գ. դիրքը գրաւող Շթութկարթի հետ:

Շթութկարթի մարզիչ Հէօնես անցեալ եղանակին խումբը փրկած էր երկրորդական իջնելու վախէն, եւ այս տարեշրջանին կը պայքարի վերի ճակատին վրայ` Պայեր Լեւերքուզընի եւ Պայերն Միւնիխի հետ:

Նախորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Անթոնի Էտուըրտս Կը Նշանակէ 44 Կէտ Եւ Հերոսական Պլոք` Վերջին Երկվայրկեանին

Յաջորդը

«Եուրոփա Լիկ». Լիվըրփուլ Եւ Ռոմա Հանգիստ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  Վաղը` ՀՄԸՄ Պէյրութ Նասր Քամեր Լոզ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պէյրութ Յաղթեց Եւ Բարձրացաւ Գ. Դասակարգ

September 26, 2026
Ֆրանսախօս Երկիրներու Խաղերուն Համար`  600 Միլիոն Դրամ Վերակառուցելու «Հրազդան» Մարզադաշտը
Մարզական

Ֆրանսախօս Երկիրներու Խաղերուն Համար` 600 Միլիոն Դրամ Վերակառուցելու «Հրազդան» Մարզադաշտը

September 26, 2026
Պասքեթպոլ.  Եուրա Մելիքեան Միացաւ «Պոթեւ 2012»-ի
Մարզական

Պասքեթպոլ. Եուրա Մելիքեան Միացաւ «Պոթեւ 2012»-ի

September 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.