Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հոքշթայնի Առաքելութեան Նկատմամբ Լաւատեսութիւն Կը Տիրէ

March 7, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկացի բանագնաց Էյմըս Հոքշթայնի առաքելութեան յաջողութեան մասին հսկայ լաւատեսութիւն կը տիրէ, նկատի ունենալով մասնաւորաբար այն ջանքերը, որոնք ամերիկացիները կը թափեն` հարաւային սահմանագիծին վրայ բախումները կասեցնելու նպատակով:

Կայ նաեւ լաւատեսութիւն, որ Հոքշթայն ծովային սահմանագծումի յաջող համաձայնութիւնը պիտի պարտադրէ նաեւ ցամաքային սահմանազատումին:

Ամերիկեան վարչակազմին մօտիկ աղբիւրներ հաստատեցին, որ կայ նաեւ լաւատեսութիւն, որ Կազայի զինադուլը պիտի ազդէ լիբանանեան ճակատին վրայ տիրող իրավիճակին, եւ այդպիսով Հոքշթայնի առաջարկը յաւելեալ զարգացում պիտի արձանագրէ` պատերազմը քանի մը օրուան ընթացքին կասեցնելով:

Իսրայէլեան օդուժը երէկ թռիչքներ գործեց հարաւային Լիբանանի բոլոր շրջաններուն, ինչպէս նաեւ Հասպայայի, Իքլիմ Խարրուպի, Սայտայի եւ Իքլիմ Թուֆֆահի վերեւ:

Դիմադրութեան մարտիկները համապատասխան հրթիռներով ռմբակոծեցին իսրայէլեան Քըրիաթ Շմոնա բնակեցման վայրը` արձանագրելով ուղղակի հարուածներ:

Հըզպալլայի մարտիկները ռմբակոծեցին իսրայէլեան Պաղտատի դիրքը` օգտագործելով հակահրասայլային հրթիռներ, որոնք ուղղակի հարուածներ հասցուցին դիրքին շրջակայքը գտնուող իսրայէլացի զինուորներու:

Հըզպալլայի զինուորական տեղեկատուութեան համաձայն, իբրեւ պատասխան Հուլայի մէջ քաղաքայիններ սպաննելու իսրայէլեան բանակին գործած արարքին, Հըզպալլայի մարտիկները «Քաթիուշա» տիպի տասնեակ հրթիռներով ռմբակոծեցին իսրայէլեան Քֆարպլում բնակեցման վայրը:

Դիմադրութեան մարտիկները դարձեալ ռմբակոծումի թիրախ դարձուցին իսրայէլեան Քըրիաթ Շմոնա բնակեցման վայրը` արձանագրելով նիւթական եւ մարդկային վնասներ:

Դիմադրութիւնը թիրախահար հրթիռներով ռմբակոծեց իսրայէլեան Աւիւիմ բնակեցման վայրին մէջ գտնուող շէնք մը եւ ուղղակի հարուած հասցուց անոր:

Հըզպալլայի մարտիկները անօդաչու թռչող սարքով թիրախ դարձուցին իսրայէլեան Մթըլլէ դիրքը` արձանագրելով ուղղակի հարուածներ:

Դիմադրութիւնը համապատասխան հրթիռներով ռմբակոծեց նաեւ բռնագրաւուած Քֆարշուպայի բարձունքներուն վրայ գտնուող իսրայէլեան Ռուէյսեթ Ալամ եւ Զըպտին դիրքերը` արձանագրելով ուղղակի հարուածներ:

Հըզպալլայի մարտիկներէն Հասան Ալի Հիւսէյն եւ Ալի Հասան Հիւսէյն միացան «Երուսաղէմի ճամբուն վրայ» նահատակներու փաղանգին:

Նախորդը

Միքաթի Հարաւային Լիբանանի Իրավիճակը Քննարկեց Զօր. Լասարոյի Հետ

Յաջորդը

Վարդապետեան Լա Հէյի Մէջ Հանդիպում Ունեցած Է Փութինը Ձերբակալելու Հրամանագիր Տուած Դատախազին Հետ

RelatedPosts

Խմբագրական.  Նախապայմաններ Եւ Բախումներ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նախապայմաններ Եւ Բախումներ

October 31, 2026
Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.