Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միքաթի Հարաւային Լիբանանի Իրավիճակը Քննարկեց Զօր. Լասարոյի Հետ

March 7, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Առոլտօ Լասարոն, որուն հետ քննարկեց հարաւային Լիբանանի իրավիճակը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակին եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն միջեւ գործակցութիւնը:

Միքաթիի այցելեց նաեւ Միջազգային դրամատան Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի փոխնախագահ Ֆարիտ Պալհաժը` ներկայութեամբ Միջազգային դրամատան Միջին Արեւելքի բաժինի տնօրէն Ժան Քրիսթոֆ Քարէի եւ Միքաթիի խորհրդականներ Նիքոլա Նահհասի եւ Սամիր Տահերի:

Հանդիպումէն ետք Պալհաժ յայտնեց, որ Միքաթիի հետ քննարկած է շրջանային իրադարձութիւններն ու Լիբանանի մէջ տիրող տնտեսական, ընկերային եւ ապահովական իրավիճակը:

Պալհաժ յայտնեց, որ տասը տարի առաջ Միջազգային դրամատունը ուսումնասիրութիւն մը կատարած էր Լիբանանի տնտեսական եւ ընկերային կեանքին վրայ սուրիացի տեղահանուածներուն ունեցած հետեւանքներուն մասին ու զայն ներկայացուցած ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին եւ պաշտպանած Լիբանանի նկատմամբ օժանդակութիւնները:

«Այսօր, տասը տարի ետք, այդ ուսումնասիրութիւնը դարձեալ կրկնեցինք եւ զայն պիտի ներկայացնենք համապատասխան կազմակերպութիւններուն», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Միջազգային դրամատան եւ Լիբանանի միջեւ կան խոր յարաբերութիւններ, «եւ կը յուսանք, որ այդ յարաբերութիւնները կը մնան փոխըմբռնումի եւ դրական համագործակցութեան մակարդակին վրայ», շեշտեց Պալհաժ:

Ան հաստատեց, որ պատրաստուած նոր ուսումնասիրութեան համաձայն, Լիբանանի մէջ սուրիացի տեղահանուածներուն ծախսը մէկ միլիառ եւ հինգ հարիւր միլիոն տոլար է, որուն մեծ մասը պէտք է հոգան նուիրատու երկիրները, որովհետեւ Լիբանան առանձինն չի կրնար հոգալ այդ գումարը:

Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ խորհրդակցական հանդիպում մը ունեցաւ ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ն ֆինանսաւորող երկիրներուն Լիբանանի դեսպաններուն հետ եւ ընդգծեց անոնց կողմէ ֆինանսաւորումը շարունակելու անհրաժեշտութիւնը:

«Ձեր կողմէ ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի ֆինանսաւորելու քայլը մեզի համար առաջնահերթութիւն է եւ խիստ կարեւոր: ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի ֆինանսաւորումը կասեցնելը կրնայ ահաւոր հետեւանքներ ունենալ Լիբանանի եւ անոր կայունութեան վրայ», շեշտեց Միքաթի:

Միքաթիին այցելեցին նաեւ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարի պաշտօնակատար Ճոնի Քըրըմ եւ «Օժերօ»-ի ընդհանուր տնօրէն Իմատ Քրէյտիէ: Քննարկուեցան նախարարութեան վերաբերող հարցեր:

Միքաթի. «Հոքշթայն Առաջարկով Մը Ներկայացաւ, Իսկ Իբրեւ Վարչապետի
Պաշտօնակատար Կ՛աշխատիմ Պըրրիի Հետ`
Վերահաստատելու Համար Երկրին Ապահովական Կայունութիւնը»

Միւս կողմէ, Միքաթի հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ բոլորը կ՛աշխատին հարաւային Լիբանանի մէջ երկարատեւ կայունութիւն հաստատելու ուղղութեամբ` նկատել տալով, որ ամերիկացի բանագնաց Էյմըս Հոքշթայնի առաջարկները քննարկումի առարկայ են:

Ան նշեց, որ Հոքշթայն ներկայացած է առաջարկով մը` աւելցնելով, որ «Ռամատանի փոխըմբռնում»-ը պիտի յայտարարուի Կազայի պարագային եւ անոր պիտի յաջորդէ Կազայի մէջ զինադուլը:

Միքաթի նշեց, որ կայունութեան խորագիրը ուղղակիօրէն կապուած է ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան գործիքակազմին: Ան նշեց, որ Լիբանանի ռազմաճակատին գծով բանակցութիւնները պիտի կատարուին ռամատանի ընթացքին` ընդգծելով, որ Լիբանան նախայարձակ չ՛ըլլար, այլ` Իսրայէլ պէտք է կասեցնէ իր բռնարարքներն ու ոտնձգութիւնները:

Միքաթի նկատել տուաւ, որ ցամաքային սահմանազատումին առումով բազմաթիւ առաջարկներ կան` աւելցնելով, որ Լիբանան կառչած կը մնայ իր հողային ամբողջականութեան, ինչպէս նաեւ կ՛աշխատի սահմանային երկարատեւ կայունութիւն մը հաստատելու, ինչպէս նաեւ բռնագրաւուած հողերը վերադարձնելու ուղղութեամբ:

«Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի կը սերտէ Հոքշթայնի առաջարկը, իսկ իբրեւ վարչապետի պաշտօնակատար կ՛աշխատիմ Պըրրիի հետ` վերահաստատելու համար երկրին ապահովական կայունութիւնը:

Միքաթի աւելցուց, որ Պըրրի կը խորհրդակցի նաեւ Հըզպալլայի հետ` նշելով, որ 48 ժամ ետք Հոքշթայնի հետ խորհրդակցութիւն պիտի կատարուի` Պըրրիի կամ իմ կողմէս», ըսաւ Միքաթի:

Նախագահական ընտրութեան մասին Միքաթի յայտնեց, որ հանրապետութեան նոր նախագահ մը ընտրելը անհրաժեշտ է: Ան նկատել տուաւ, որ Ազգային չափաւորական պլոքին կողմէ առաջադրուած նախաձեռնութիւնը քաղաքական տեղքայլը կը շարժէ` նկատել տալով, որ բոլորը նախագահական ընտրութեան ելք մը կ՛ուզեն ապահովել:

Նախորդը

Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդ. «Կը Մերժենք Լիբանանը Իսրայէլեան-Պաղեստինեան Պատերազմին Մէջ Ներքաշել»

Յաջորդը

Հոքշթայնի Առաքելութեան Նկատմամբ Լաւատեսութիւն Կը Տիրէ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.