Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդ. «Կը Մերժենք Լիբանանը Իսրայէլեան-Պաղեստինեան Պատերազմին Մէջ Ներքաշել»

March 7, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը նախանցեալ օր Պքերքէի մէջ նախագահեց Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները:

Նիստէն ետք հրապարակուած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ մարոնի եպիսկոպոսները կը գնահատեն այն շարժումը, որ կը կատարուի երեսփոխաններու եւ պլոքներու, ինչպէս նաեւ բարի կամեցողութիւն ցուցաբերող անձնաւորութիւններու կողմէ, որպէսզի կարելի ըլլայ նախագահական ընտրութեան իրերայաջորդ նիստերու ընթացքին  նախագահական ընտրութիւն կատարել:

Մարոնի եպիսկոպոսները մաղթեցին, որ այդ շարժումը հանդիպի նաեւ դիւանագիտական արտաքին ջանքերուն, որոնք նոյն նպատակին կը ծառայեն:

Մարոնի եպիսկոպոսները մերժեցին Լիբանանը իսրայէլեան-պաղեստինեան պատերազմին մէջ ներքաշել` նկատել տալով, որ այդ պատերազմին իրենք զիրենք զերծ կացուցած են արաբական երկիրները:

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը լիբանանեան տեղական ուժերէն պահանջեց վտանգը հեռացնել հարաւային Լիբանանի բոլոր բնակիչներէն, անկախ անոնց քաղաքական ուղղուածութենէն եւ կրօնական դաւանանքէն:

Մարոնի եպիսկոպոսները զգուշացուցին հարաւային սահմանագիծի բախումները ուղղակիօրէն առնչել այնպիսի գործարքներու, որոնք Լիբանանի գերիշխանութեան, անոր ջրային ու նաւթային հարստութեան, ինչպէս նաեւ աշխարհագրական իրաւունքներուն կը դպչին: Մարոնի եպիսկոպոսները այս իմաստով ընդգծեցին, որ լիբանանեան որեւէ բանակցութիւն հանրապետութեան նախագահին պարտականութիւնն է, եւ անոր բացակայութեան նման բանակցութիւնները պէտք է սառեցուին:

Մարոնի եպիսկոպոսները ցաւ յայտնեցին լիբանանեան պետութեան պարզած իրավիճակին, ինչպէս նաեւ խորհրդարանին վաւերացուցած պետական ամավարկին համար, որ լիբանանցիներուն համար անիրաւութիւն է:

Անոնք կոչ ուղղեցին կառավարութեան եւ խորհրդարանին լուծելու այս հարցը նախքան անհնազանդութեան ալիքին սկսիլը եւ ընդհանուր կացութեան դէմ սպառնալիքի վերածուիլը:

Մարոնի եպիսկոպոսները անդրադարձան նաեւ լիբանանեան տարբեր շրջաններուն մէջ սուրիացի տեղահանուածներու ներկայութեան եւ տուեալ շրջաններուն մէջ արձանագրուած ապահովական սպառնալիքներուն, ինչպէս նաեւ անոնց ներկայութեան պատճառով ամբողջ երկրին վրայ պարտադրուած նիւթական հսկայ բեռին:

Մարոնի եպիսկոպոսները հաստատեցին, որ սուրիացի տեղահանուածները Լիբանանի մէջ պահելով Լիբանանի ինքնութիւնն ու ազգային համերաշխութիւնը վտանգի ենթարկուած են:

 

Նախորդը

Փարիզի Մէջ. «Պատերազմի Կասեցումը Առիթ Կու Տայ Շրջանին Մէջ Ուժանիւթային Անվտանգութիւն Իրականացնելու Ազդակները Բարձրացնելու» Շեշտեց Ֆայեատ

Յաջորդը

Միքաթի Հարաւային Լիբանանի Իրավիճակը Քննարկեց Զօր. Լասարոյի Հետ

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.