Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գահիրէի Մէջ Բանակցութիւններուն Վերաբերեալ Հակասական Տեղեկութիւններ

March 6, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Քամալա Հարիս Սպիտակ տան մէջ Իսրայէլի նախարարաց պատերազմական սեղմ խորհուրդի անդամ Պենի Կանցի հետ հանդիպումի ընթացքին Կազայի մէջ մարդասիրական կացութեան նկատմամբ «խոր մտահոգութիւն» յայտնեց:

Հարիսի գրասենեակին հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահը նաեւ Իսրայէլը յորդորած է Կազա յաւելեալ օժանդակութիւններու մուտքը արտօնելու:

Ան նաեւ պաղեստինեան Համաս շարժումին կոչ ուղղած է ժամանակաւոր զինադուլի համար «սեղանի վրայ դրուած պայմանները ընդունելու»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Ուաշինկթընի Մէջ Քաթարի վարչապետ շէյխ Մոհամետ պըն Ապտելռահման Ալ Թանիի հետ հանդիպումէն առաջ յայտնեց, որ Իսրայէլի եւ Համասի միջեւ պատերազմին մէջ անմիջական զինադադարի հաստատման յարմար առիթ գոյութիւն ունի:

Ան Իսրայէլը յորդորեց «բոլոր կարելի միջոցները» օգտագործելու` Կազա մարդասիրական օժանդակութիւններ հասցնելու համար:

Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը նշեց, որ խիտ բնակեցուած Կազայի մէջ ներկայ կացութիւնը անընդունելի է եւ չի կրնար շարունակուիլ:

Աղբիւրներ սպանական «Ի.Էֆ.Ի.» լրատու գործակալութեան յայտնած են, որ Իսրայէլն ու պաղեստինեան Համաս շարժումը զինադադարի եւ գերիներու փոխանակման մասին նոր համաձայնագիրի հիմնական կէտերուն շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցած են:

Գործակալութեան տուեալներով` կողմերը համաձայնած են 40 օր ժամկէտով զինադադար հաստատել: Այս ընթացքին 40 իսրայէլացի գերիներ, ներառեալ 60-ը անց կիներ, երեխաներ եւ տղամարդիկ, պէտք է ազատ արձակուին իսրայէլեան բանտերէն 404 պաղեստինցի բանտարկեալներու ազատ արձակման դիմաց:

Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ իսրայէլացի պաշտօնատարներու գնահատումով, անոնք ռամատան ամիսէն առաջ Կազայի մէջ Համասի հետ գործարքի շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելը դժուար կը նկատեն:

Անոնք  նշած են, որ մինչեւ հիմա համաձայնութիւն գոյացնելու ուղղութեամբ որեւէ յառաջընթաց չկայ, եւ իսրայէլացի պաշտօնատարներու կարծիքով` Կազայի մէջ Համասի ղեկավար Եհիա Սնուարը համաձայնութեամբ չէ հետաքրքրուած, հակառակ ամերիկացի, քաթարցի եւ եգիպտացի միջնորդներու լաւատեսական կարծիքին, թէ Համասը համաձայնութիւն կ՛ուզէ:

 

Նախորդը

Ֆիտան 7-8 Մարտին Պիտի Այցելէ Միացեալ Նահանգներ Եւ Քննարկէ Հարաւային Կովկասի Կացութիւնը

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.