Ռումանացի թենիսի աստղերէն Սիմոնա Հալեփ, որ նախապէս թիւ 1 դասուած էր 2017-ին եւ շահած «Ռոլան Կարոս»-ի թենիսի բաց մրցաշարքն (2018) ու «Ուիմպըլտըն»-ը (2019-ին), իրաւունք ստացաւ վերադառնալու թենիսի աշխարհ, 2022-ի հոկտեմբերէն ետք առաջին անգամ ըլլալով:
Արդարեւ, Հալեփ 2:22-ին գործածած էր որոշ դեղ մը, որուն պարունակութիւնը, ըստ քննութիւններու, կրնար օգնել իրեն աւելի աշխուժ խաղալու, եւ այդ պատճառով 4 տարիով կախակայուած էր: Հալեփ առաջին օրէն իսկ մերժած է ընդունիլ, թէ գիտնալով գործածած է այդ դեղը, որ սակայն զինք հեռու պահեց թենիսի դաշտերէն:
Երէկ «Սի. Էյ. Էս.» (Քորթ օֆ Արպիթրէյշըն ֆոր Սփորթս) յայտնեց, թէ Հալեփի կախակայումը պէտք է մեղմացուի 9 ամսուան, շրջան մը, որ արդէն աւարտած է: Եւ այսուհետեւ Սիմոնա Հալեփ, որ այժմ 32 տարեկան է, կրնայ վերադառնալ դաշտ:


