ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի կեդրոնական գրասենեակը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական խորհրդարանը 28 փետրուարի իր լիագումար նիստի ընթացքին ընդունած է 2023 թուականի Եւրոպական Միութեան ընդհանուր արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան իրականացման, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութեան պաշտպանական եւ անվտանգութեան ընդհանուր քաղաքականութեան վերաբերեալ տարեկան զեկուցումներ: Ի սկզբանէ յիշեալ զեկուցումները եղած են 16 յունուարի լիագումար նիստի օրակարգին մէջ, սակայն քուէարկութիւնը յետաձգուած է 28 փետրուարին:
Եւրոպական խորհրդարանի երկու զեկուցումներն ալ կարեւոր դրոյթներ կը պարունակեն ղարաբաղեան հակամարտութեան, Արցախի մէջ Ազրպէյճանի կողմէ իրականացուած ցեղային զտումներուն, Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ Ազրպէյճանի նախայարձակումին, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան յարաբերութիւններուն վերաբերեալ:
Եւրոպական Միութեան ընդհանուր արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան իրականացման զեկուցումը խստօրէն կը դատապարտէ Ազրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի հայերուն դէմ նախապէս ծրագրուած եւ չարդարացուած յարձակումը, կոչ կ՛ուղղէ Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն թոյլ տալու հայ բնակչութեան անվտանգ վերադարձը Լեռնային Ղարաբաղ` վերջինիս տրամադրելով իրաւունքներու պաշտպանութեան ամուր երաշխիքներ: Խորհրդարանը նաեւ կը պահանջէ պաշտպանել Արցախի մէջ հայկական մշակութային, պատմական եւ կրօնական ժառանգութիւնը` ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի չափանիշներուն եւ Ազրպէյճանի միջազգային պարտաւորութիւններուն համապատասխան: Խորհրդարանը Արցախի նկատմամբ Պաքուի յարձակումը կ՛որակէ իբրեւ միջազգային իրաւունքի եւ մարդու իրաւունքներու, 9 նոյեմբեր 2020-ի յայտարարութեան, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութեան միջնորդութեամբ ընթացող բանակցութիւններուն մէջ ձեռք բերուած պարտաւորութիւններու կոպիտ եւ ակնյայտ խախտում:
Եւրոպական խորհրդարանի լիագումար նիստը նաեւ կ՛ընդգծէ, որ իրավիճակին վերաբերեալ խորհրդարանի բազմաթիւ նախազգուշացումները չեն յանգեցուցած Ազրպէյճանի նկատմամբ Եւրոպական Միութեան քաղաքականութեան որեւէ փոփոխութեան: Խորհրդարանը կը պնդէ, որ Ազրպէյճանի հետ Եւրոպական Միութեան յարաբերութիւններու որեւէ խորացում պէտք է պայմանաւորուի մարդու իրաւունքներու յարգման հարցին մէջ այդ երկրի զգալի յառաջընթացով, մասնաւորապէս` օրէնքի գերակայութեան, ժողովրդավարութեան եւ հիմնարար ազատութիւններու, ներառեալ ազգային փոքրամասնութիւններու պաշտպանութիւնը:
Եւրոպական խորհրդարանը այնուհետեւ Եւրոպական Միութեան կոչ կ՛ուղղէ անյապաղ պատժամիջոցներ կիրարկելու Ազրպէյճանի նկատմամբ եւ կասեցնել ուժանիւթի ոլորտին մէջ ռազմավարական գործընկերութեան մասին փոխըմբռնման յուշագիրը:
Ի շարս այլոց, Եւրոպական խորհրդարանը աջակցութիւն կը յայտնէ Հայաստանին, Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան քաղաքացիական առաքելութեան կոչ կ՛ուղղէ ուշադիր հետեւելու տեղւոյն վրայ զարգացող անվտանգային իրավիճակին, թափանցիկ հաշուետուութիւն տրամադրելու խորհրդարանին եւ աշխուժօրէն նպաստելու հակամարտութեան կարգաւորման ջանքերուն: Խորհրդարանը նաեւ Արտաքին գործողութիւններու եւրոպական ծառայութեան կոչ կ՛ուղղէ աջակցելու Հայաստանին` Խաղաղութեան եւրոպական հիմնադրամին միջոցով, մասնաւորապէս` հիպրիտային սպառնալիքներու դէմ պաշտպանունակութիւնը ուժեղացնելու նպատակով:
Եւրոպական Միութեան պաշտպանական եւ անվտանգութեան ընդհանուր քաղաքականութեան վերաբերեալ զեկուցումը նաեւ կը պարունակէ դրոյթներ, որոնք կը համընկնին միւս զեկուցումի դրոյթներուն հետ: Բացի անոնցմէ, այս զեկուցումով խորհրդարանը Եւրոպական Միութեան խորհուրդին կոչ կ՛ուղղէ պատրաստ ըլլալու նպատակային եւ անհատական պատժամիջոցներ կիրարկելու նախայարձակումի հեղինակներուն դէմ, ներառեալ, բայց չսահմանափակուելով նախագահ Ալիեւի քաղաքական եւ ռազմական շրջապատով, ինչպէս նաեւ որեւէ պարագայի բացառելու Ազրպէյճանէն նաւթի եւ կազի ներածումը:
Մեկնաբանելով յիշեալ զեկուցումներուն ընդունումը` ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան նկատած է.
«Եւրոպական խորհրդարանը հաւատարիմ կը մնայ իր գործառոյթին իբրեւ ժողովրդավարութեան պալատ` յստակ եւ առարկայական դիրքորոշում ընդունելով Ազրպէյճանի թշնամական քաղաքականութեան վերաբերեալ, ինչպէս Արցախի, այնպէս ալ Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ: Իբրեւ Եւրոպական Միութեան քաղաքացիներ` մենք երախտապարտ ենք մեր ընտրուած խորհրդարանականներու մեծամասնութեան` իրենց անաչառութեան համար: Այնուամենայնիւ, մենք պէտք է արձանագրենք, որ, ցաւօք, Եւրոպական Միութեան գործադիր իշխանութիւնը վարած է եւ կը վարէ այլ քաղաքականութիւն` ի շարս այլոց գովաբանելով Ազրպէյճանի նաւթային բռնատէր իբրեւ «վստահելի գործընկեր»: Ի վերջոյ, գործադիրը կը ձեւաւորէ իրականութիւնը: Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակը եւ անոր յանձնախումբերը պիտի շարունակեն իրենց ամէնօրեայ աշխատանքը Եւրոպական Միութեան ընտրուած ներկայացուցիչներուն հետ եւ պիտի շարունակեն Եւրոպական Միութեան գործադիրը իր քաղաքականութեան համար պատասխանատուութեան ենթարկելու աշխատանքները: Մենք Եւրոպական Միութենէն կ՛ակնկալենք շօշափելի քայլեր: Եւրոպական խորհրդարանի բանաձեւերը հիմք կը հանդիսանան այդ քայլերուն համար»:


