Անթալիոյ դիւանագիտական համախմբումի ծիրին մէջ «Խաղաղութիւնը, զարգացումն ու կապուածութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ» խորագիրով քննարկման ընթացքին բանախօսած են Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեանը, Ազրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւը, Հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գծով Թուրքիոյ բանագնաց Սերտար Քըլըչը, Հարաւային Կովկասի մէջ ճգնաժամի հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար:
Հաճիեւ իր խօսքին մէջ նշեց, որ Ազրպէյճանի համար տագնապը արդէն աւարտած է, եւ օրակարգի վրայ են խաղաղութիւնն ու շրջանային համագործակցութիւնը:
«2020-էն ետք հիմնական 5 սկզբունքներ ընտրուած էին խաղաղութեան հասնելու համար, խաղաղութեան համաձայնագիրի բնագիրը պատրաստուած էր Ազրպէյճանի կողմէ եւ ներկայացուած հայկական կողմին, որ իր կարգին կը հաստատէր մեր օրակարգը:
«Մենք պէտք է հաւատարիմ մնանք Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան օրակարգին եւ մենք կը խօսինք Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի մասին: Անիկա Փարիզ կամ Պրիւքսել չէ, եւ մեր երկիրներուն միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրը պէտք չէ այնտեղ կնքուի, այլ անհրաժեշտ է միասին աշխատիլ, որ շրջանային փոփոխութիւններու հասնինք:
«Մեզի համար որոշ հարցեր բաց մնացած են, եւ մենք կը սպասենք բացատրութիւններու` Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան ու իրաւական որոշ կէտերու առնչուած: Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ տակաւին կայ «միացում» բաղադրիչը եւ անիկա կապուած է Լեռնային Ղարաբաղին, որ ըստ ատոր կը մտնէ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան լիազօրութիւններու մէջ, եւ որոշ յղումներ կը կատարուին Ալմա Աթայի հռչակագիրին: Մենք հայկական կողմէն բացատրութիւններու կը սպասենք, եւ անոնք պէտք է կարելի եղածին չափ շուտ տրուին», նշեց Հաճիեւ:


