Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի յատուկ միջազգային հնգեակի անդամ երկիրներուն դեսպանները` Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրօ, Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լայզա Ճոնսըն, Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի, Եգիպտոսի դեսպան Ալա Մուսա եւ Քաթարի դեսպան շէյխ Սէուտ պըն Ապտել Ռահման պըն Ֆայսալ Ալ Թանի:
Քննարկուեցան նախագահական ընտրութեան թղթածրարին վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ Կազայի եւ հարաւային Լիբանանի դէմ իսրայէլեան բռնարարքները:
Հանդիպումին ընթացքին Միքաթի գնահատեց միջազգային հնգեակին ճիգերը, ինչպէս նաեւ յանձնառութիւնը` Լիբանանի ապահովական կայունութեան պահպանումին:
Միքաթի մաղթեց, որ երեսփոխանները իրենց պատասխանատուութիւնը ստանձնեն` հանրապետութեան նախագահը ընտրելով:
Միքաթի նշեց, որ Լիբանանի յատուկ միջազգային հնգեակին ջանքերը քաջալերելի են, յատկապէս նոր նախագահ մը ընտրելու ուղիին վրայ լիբանանեան քաղաքական ուժերուն տեսակէտները միասնականացնելով:
Ան աւելցուց, որ հանրապետութեան յաջորդ նախագահը պէտք է հովանաւորէ երկխօսութիւնը եւ զօրակցի` տնտեսական եւ ընկերային բարեկարգումներուն իրագործումին, ինչպէս նաեւ գործադրէ սահմանադրութիւնն ու Թաէֆի համաձայնագիրը:
Իր կարգին, դեսպան Մուսա Միքաթիի հետ հանդիպումը նկատեց շատ կարեւոր: Ան նշեց, որ ինք հինգ պետութիւններուն անունով կը կատարէ այս յայտարարութիւնը` ընդգծելով, որ նախագահական ընտրութիւնը պէտք է կատարել, որովհետեւ Լիբանանի եւ շրջանին դիմագրաւած պայմանները կը մղեն, որ այդ ընտրութիւնը կատարուի:
«Կայ աշխատանքի նոր թափ եւ յառաջիկայ փուլին կարելի պիտի ըլլայ միասնական կեցուածքով մօտենալ նախագահական ընտրութեան թղթածրարին եւ ուղեգիծը ամբողջացնել, որպէսզի կարելի ըլլայ այդ ընտրութիւնը իրականացնել: Մենք լաւատես ենք եւ Միքաթիի հետ հանդիպումէն ետք աւելի լաւատես դարձանք», ըսաւ ան:
Մուսա ընդգծեց նաեւ, որ Կազայի պատերազմը Լիբանանի նախագահական ընտրութեան հետ կապ չունի` աւելցնելով, որ Կազայի պատերազմը ամբողջ շրջանին վրայ իր ազդեցութիւնը ունի, սակայն Լիբանանի նախագահական ընտրութեան հետ ուղղակի կապ չունի, «ընդհակառակն` մենք կը խօսինք Կազայի պատերազմը դրական կապի եւ ազդակի վերածելու մասին` արագացնելու համար նախագահական ընտրութեան կայացումը, որ յառաջիկայ փուլին համար անհրաժեշտութիւն է», հաստատեց ան:
Մուսա վերահաստատեց, որ Լիբանանի յատուկ միջազգային հնգեակը թեկնածուներու անուններ չի քննարկեր, որովհետեւ անիկա Լիբանանին եւ լիբանանեան քաղաքական ուժերուն իրաւասութիւնն է:
Միւս կողմէ, Միքաթի նախագահեց պետական հաստատութիւններու յատուկ նախարարական յանձնախումբի նիստին, որուն ընթացքին որոշուեցաւ քննչական խորհուրդներուն թելադրել աւելի խիստ մօտեցում ցուցաբերել պետական մարզի պաշտօնեաներուն աշխատանքի ներկայութեան գծով:
Միքաթիի այցելեց նաեւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնի գործակատար հազարապետ-զօրավար Էլիաս Պայսարի: Քննարկուեցաւ երկրին ապահովական իրավիճակը:


