Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարաւային Սահմանագիծին Վրայ Բախումները Կը Շարունակուին

March 2, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլեան բանակը երէկ ռմբակոծեց Լապպունէ, Նաքուրա, Այթա Շաապ, Ժապալ Պլաթ, Ռամիէ եւ Պընթ Ժպէյլ շրջանները:

Իր կարգին, Հըզպալլայի զինուորական տեղեկատուութեան համաձայն, Դիմադրութեան մարտիկները Ըզզիէ հովիտին վերեւ վար առին իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մը:

Իսկ Հըզպալլայի մարտիկներէն Ալի Ապտել Ռահման եւ Ապտալլա Հասան Ասալ միացան «Երուսաղէմի ճամբուն վրայ» նահատակներու փաղանգին:

Միւս կողմէ, լիբանանեան բանակի շրջուն ջոկատ մը ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն հետ Լապպունէի շրջանին մէջ կատարած իր հսկողութեան ընթացքին գտած է իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մը եւ զայն կազմաքանդելէ ետք փոխադրած է:

Նշենք, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն մաս կազմող մալեզիական ուժերուն պատկանող ՖԻՆԻՒԼ-ի ինքնաշարժ մը նախանցեալ օր իր ճամբան կորսնցնելով մուտք գործեց Պէյրութի հարաւային արուարձաններ:

ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու տեղեկատուական գրասենեակի տնօրէն Քենտիս Արտել յայտնեց, որ գիշեր մը առաջ ՖԻՆԻՒԼ-ի ինքնաշարժ մը սովորական գումակային իր աշխատանքներուն շրջագիծին մէջ հասած է սխալ ուղի մը եւ յայտնուած հարաւային արուարձաններուն մէջ, ուր քաղաքայիններ կասեցուցած են այդ ինքնաշարժին ընթացքն ու բանտարկած են զինուորները եւ ապա զանոնք ազատ արձակած:

Արտել հաստատեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը թէ՛ զինուորական գործողութիւններու իրենց շրջաններուն մէջ եւ թէ՛ ամբողջ Լիբանանի տարածքին ազատ շրջելու իրաւունք ունին: «Ազատ շրջելու ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն իրաւունքը անհրաժեշտ է նաեւ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան համար», շեշտեց Արտել:

 

Նախորդը

Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Դատապարտէ Կազայի Մէջ Քաղաքայիններուն Սպանութիւնը Եւ Միջազգային Հետաքննութեան Յանձնախումբ Մը Կը Պահանջէ

Յաջորդը

Միքաթի Ընդունեց Լիբանանի Յատուկ Միջազգային Հնգեակը

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.