Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Նախապայմանային Նորացուած Քաղաքականութիւն. Անթալիոյ Մէջ Բանաձեւուած Կէտեր

March 2, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անթալիոյ դիւանագիտական ֆորումի շրջանակներուն մէջ Երեւան-Անգարա երկխօսութեան գործընթացին պաշտօնական Անգարան ներկայացնող պատուիրակը դարձեալ խօսած է սահմանի բացման, երրորդ երկրի քաղաքացիներու եւ դիւանագիտական անձերու համար սահմանը օգտագործելու որոշումի իրականացման մասին, առանց ժամկէտի:

2022-ի յուլիսին համատեղ յայտարարուեցաւ, որ գոյացած է համաձայնութիւն բանալու սահմանը երրորդ երկրի քաղաքացիներու եւ դիւանագիտական անձնագիր ունեցող պետական գործիչներու համար:

Այս մասին վերստին յայտարարուեցաւ, այս անգամ ժամկէտ նշելով` 2023-ի ամառը: Առընթեր յայտարարուեցաւ նաեւ, որ գոյացած է համաձայնութիւն` Անիի պատմական կամուրջը վերանորոգելու:

Հիմա 2024-ի գարունն ենք: Սահմանը մէկ անգամ գործարկուած է Թուրքիոյ երկրաշարժին առիթով հայաստանեան կողմէն օժանդակութիւն ուղարկելու նպատակով:

Ծխածածկոյթի քաղաքականութիւնը կը շարունակուի: Հիմա Անգարան ներկայացնող պատուիրակը ցուցադրական առաջարկ կ՛ուղղէ հայկական կողմին` երկխօսութեան յաջորդ հանդիպումը Երեւանի մէջ  գումարելու, եւ վերստին կը կրկնէ սահմանի մասնակի բացման յանկերգը:

Հայկական կողմը անհրաժեշտութիւն կը զգայ վերյիշեցնելու, որ բանակցութիւնները պէտք է ընթանան առանց նախապայմաններու:

Նախապայմանային քաղաքականութիւնը նորացուած է: Անգարան ամէն առիթի Երեւան- Անգարա երկխօսութիւնը կը պայմանաւորէ Երեւան- Պաքուի բանակցութիւններու արդիւնաւորման հետ: Իսկ այդ արդիւնաւորումը իր հերթին պայմանաւորուած է Պաքուի թելադրած միակողմանի պահանջները ընդունելով:

Նախապայմանային քաղաքականութեան վերջին յայտարարութիւնը հետեւեալ կէտերով կ՛ամփոփուի:

Ա.- Հայաստան-Ազրպէյճան խաղաղութիւնը բացառապէս Երեւանով եւ Պաքուով պիտի կայանայ: Փարիզը, Պրիւքսէլը կամ այլ կեդրոններ չեն կրնար որոշել խաղաղութիւնը:

Բ.- Երեւանը պէտք է պատասխանէ սահմանադրական կարգաւորումներով, «Միացման» եւ այլ իրաւական կարգաւորումներով:

Գ.- Ազրպէյճանի 8 գիւղեր  կը շարունակեն մնալ Հայաստանի բռնագրաւման տակ:

Սիւնիքի ճանապարհի պահանջը տեղ չէ գտած Պաքուի ներկայացուցիչի պահանջներուն մէջ: Բնականաբար չի նշանակեր, որ անիկա դուրս եկած է նախապայմանային քաղաքականութենէն:

Սահմանադրական կարգաւորումը կ՛ենթադրէ Անկախութեան հռչակագիր – Սահմանադրութիւն իրաւական կապի վերացում: «Միացում»-ը կը վերաբերի տարբեր փաստաթուղթերու մէջ ամրագրուած Արցախ-Հայաստանի Հանրապետութիւն վերամիաւորման առաջադրանքին: Իսկ «այլ կարգաւորումներ»-ը արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական կայքէն կամ հայեցակարգային նման փաստաթուղթերէ Արցախի բաժինին ջնջումին:

8 գիւղերը յստակ է, անքլաւներու մասին են, որոնց յանձնումը կը պահանջէ Ազրպէյճան:

Այս բոլորէն ետք է միայն, որ կը սկսին արդիւնաւորուիլ Երեւան-Անգարա յարաբերութիւնները: Մասնակիօրէն եւ թէականօրէն կը բացուի սահմանը եւ տարածաշրջանը կ՛առաջնորդուի դէպի խաղաղութիւն:

Երեւանը հրաւիրուած է ընդառաջելու ա՛յս նախապայմաններուն:

Անթալիոյ մէջ յայտարարուած այս կէտերը, եթէ նկատի ունենանք, պատասխան տրուած կ՛ըլլայ Երեւան-Անգարա երկխօսութեան հայկական կողմի պատուիրակի հարցումին, թէ ինքը պատճառ չի տեսներ, թէ ինչո՞ւ կը շարունակէ փակ մնալ Հայաստան- Թուրքիա սահմանը:

«Ա.»

Նախորդը

Հաճիեւ. «Կը Սպասենք Հայաստանի Սահմանադրութեան Առնչուած Բացատրութիւններու, Այնտեղ Կան «Միացում»-ի Բաղադրիչներ»

Յաջորդը

Աղեղնաբառ Թիւ 146-ի Լուծում

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.