Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եօթը Մահացու Մեղքերը (Մեծ Պահք)

March 2, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ

Յամի Տեառն 6-րդ դարու վերջաւորութեան Հռոմի Կաթողիկէ եկեղեցւոյ ամէնէն նշանաւոր պապերէն մէկը` Մեծն Գրիգոր պապ (Pope Gregory the Great) մարդկային եօթը մոլութիւններ վերցնելով` զանոնք կոչեց «Եօթը մահացու մեղքեր»: Ի վաղուց յետէ, հին Ուղղափառ եւ Կաթողիկէ Եկեղեցիներ հետեւեալ եօթը մոլութիւնները կը սեպեն շատ լուրջ մեղքեր. հպարտութիւն, նախանձ, բարկութիւն, ծուլութիւն, ագահութիւն, որկրամոլութիւն եւ բղջախոհութիւն:

Ստորեւ հակիրճ ակնարկ մը նետենք իւրաքանչիւրին վրայ:

1.- Հպարտութիւն (Pride).- Հպարտութիւնը տարբեր ձեւերով կ’արտայայտուի մարդոց կեանքին մէջ: Կայ մտաւորական հպարտութիւն, երբ մէկը ինք իր իմացական կարողութեամբ կը սոնքայ իր գիտական պաշարով եւ իր ակադեմական տիտղոսներով. իր կատարած նուաճումներով կը պարծենայ եւ վերէն վար կը նայի ուրիշներուն:

Կայ նաեւ ընկերային հպարտութիւն, երբ մէկը մեծ համարումով կը նայի ընկերութեան մէջ վայելած իր դիրքին: Կայ ֆիզիքական ուժի հպարտութիւն, երբ անձ մը կամ հաւաքականութիւն մը գերադաս կը սեպէ իր ունեցած ֆիզիքական կամ ռազմական կարողութիւնը: Կայ նաեւ բարոյական կամ հոգեւոր հպարտութիւն մը, երբ անհատ մը կամ հաւաքականութիւն մը բարոյապէս եւ հոգեւորապէս գերադաս կը նկատէ ինքզինք եւ ցած աչքով կամ հոգեկան արհամարհանքով կը դիտէ ուրիշները:

Աստուածաշունչը կը քննադատէ մարդկային հպարտութիւնը, ամբարտաւանութիւնը, պարծենկոտութիւնը, յոխորտանքը: Առակաց Գիրքը կը գրէ. «Փլուզումէն առաջ մարդուն սիրտը կը հպարտանայ» (Առակ 18: 12), «սրտի հպարտութիւնը մեղք է» (Առակ. 21. 4): Աստուածաշունչը մեզի կը յայտնէ, որ Բաբելոնի ամբարտաւան մարդիկ ուզեցին մինչեւ երկինք բարձրացող աշտարակ մը կառուցել, որպէսզի Աստուծոյ հետ մրցին, բայց Աստուած անոնց հպարտութիւնը պատժեց` անոնց լեզուները խառնակելով եւ զանոնք ցրուելով ամբողջ երկրագունդի մակերեսին:

Յակոբոս առաքեալ իր թուղթին մէջ կը գրէ. «Աստուած կ’ընդդիմանայ ամբարտաւաններուն, բայց շնորհք կու տայ խոնարհներուն» (Յակոբոս. 4 . 6):

2.- Նախանձ (Envy).- Նախանձը, որ կրնայ մարդոց անուններն ու համբաւը արատաւորել, ատելութիւն սերմանել եւ տուներ քանդել, ահաւոր մոլութիւն մը եւ մահացու մեղք մըն է:

Աշխարհահռչակ գրագէտ Շէյքսփիր նախանձը կը նկարագրէ որպէս «կանաչ աչքով հրէշ մը, որ հեգնանքով կը նայի այն միսին, որմէ ինք կը սնանի»:

Թէեւ Աստուածաշունչ մատեանը կը դատապարտէ նախանձը, սակայն ուշագրաւ է մատնանշել, որ նոյնիսկ Ս. Գրային կարգ մը հերոսներ զերծ մնացած չեն այս սարսափելի մեղքէն: Օրինակի համար, Սառա չկրցաւ Հագարի հանդէպ իր տածած նախանձին յաղթահարել: Ռաքէլի եւ Լիայի փոխ-յարաբերութիւնները կը յատկանշուին նախանձի յարատեւ մրցակցութեան զգացումներով: Յովսէփ Գեղեցիկի կեանքը գրեթէ գուբի մը մէջ պիտի վերջանար իր եղբայրներուն անսանձ նախանձին պատճառով:

Վաղեմի իմաստուն առակագիր Եզովբոս իր մէկ առակով պերճախօսօրէն կը նկարագրէ նախանձոտ մարդ մը: Այդ մարդուն երազի մը մէջ կը յայտնուի, թէ ի՛նչ փափաք եւ բաղձանք խնդրէ, պիտի շնորհուի իրեն մէկ պայմանով, որ իր դրացին միշտ իր ունեցածին երկու անգամը աւելի պիտի ստանայ: Այս մարդը նոր տուն մը ունենալու փափաքը կը յայտնէ: Փափաքը կը շնորհուի իրեն, բայց իր դրացին երկու անգամ աւելի մեծ տուն մը կը ստանայ: Ձի մը ունենալու փափաքը կը յայտնէ: Կը տիրանայ իր փափաքին: Վերջապէս, նախանձի մոլուցքէն կլանուած, իր դրացիին բարգաւաճումը հալ ու մաշ կը դարձնէ զինք եւ այս անգամ փափաք կը յայտնէ, որ իր աչքերէն մէկը կուրանայ… որպէսզի իր դրացիին երկու աչքերը կուրանան…

Նախանձոտ մարդը ինքն իր մեծագոյն թշնամին է, որ իր ձեռքով ինքզինք կը կործանէ: Ի զուր չէ, որ Ս. Գիրքը կը գրէ, «Նախանձը ոսկորներուն փտութիւն է» (Առակաց 14. 30):

3.- Բարկութիւն (Anger).- Բարկութիւնը հակազդեցութիւնն է մեղքին կամ արտաքին վիրաւորանքի մը, վիրաւորանք մը, որ կը պատճառէ զայրոյթ, ցասում, սրդողանք:

Կան արդար ցասումներ (righteous indignations), որոնք ընդունելի եւ արդարացի ընդվզումներ են անարդարութեան, անիրաւութեան, չարիքի եւ մեղքի դէմ: Հին կտակարանի մարգարէները այս տեսակ բարկութիւն ցոյց տուին Իսրայէլի մէջ գործուած յանցանքներուն, զանցառութեանց եւ մեղքերուն դէմ: Մեր Տէրը` Յիսուս, այս տեսակ արդար ցասում ունեցաւ փարիսեցիներու, սադուկեցիներու եւ դպիրներու կեղծաւորութեան եւ սնապաշտութեան դէմ:

Կան նաեւ բարկութիւններ, որոնք քանդիչ են, կործանարար եւ վնասակար: Օրինակ, Կայէն բարկացաւ եւ իր եղբայրը` Աբէլը սպաննեց:

Բարկութիւնը պատճառ հանդիսացած է շատ մը ամուսնութիւններու ձախողութեան, բարեկամութիւններու քանդումին, եկեղեցիներու եւ կազմակերպութիւններու մէջ ստեղծուած երկպառակութեանց: Ահա այս նկատառումներով է, մարդիկ զգուշ ըլլալու են, որ չբարկանան կամ բարկութեան պատճառ չդառնան: Իսկ երբ արդարօրէն ընդվզին եւ բարկանան` չմեղանչեն: Այդ ուղղութեամբ առաքեալին յորդորը տեղին է. «Եթէ բարկանաք, մեղք մի՛ գործէք» (Եփես. 4. 26):

4.- Ծուլութիւն (Sloth).- Ծուլութիւնը ոչինչ ընելու, դատարկ կեանք մը ապրելու իրավիճակն է: Զանցառութեան մեղքն է ան: Յիսուս իր «Երեք ծառաներուն առակ»-ին մէջ «Ծոյլ եւ չար ծառայ» կոչեց այն միատաղանդ ծառան, որ իր տաղանդը չշահարկեց, այլ գետնին մէջ պահեց: Առակաց Գիրքին հեղինակը ծուլութիւնը «փշեղէն ցանց»-ի մը կը նմանցնէ:

Ծոյլ մարդիկ ինքնահաճ եւ անպատասխանատու են, որոնք մարդկային ընկերութեան ոչ միայն նպաստ մը չեն բերեր, այլ միայն բեռ են անոր: Ժողովողի Գիրքը կը նկարագրէ ծուլութեան հետեւանքներ` հետեւեալ ձեւով. «Ծուլութեամբ շէնքը կը փլչի, եւ ձեռքերու թուլութեամբ տունը կը կաթի» (Ժող. 10. 18):

5.- Ագահութիւն կամ ընչաքաղցութիւն (covetousness).- Ագահ կամ ընչաքաղց մարդը անյագ եւ անկշտում մէկն է: Անոր կեանքի փիլիսոփայութիւնը սա է. «Պիտի դիզեմ հարստութեանս վրայ, որքան որ կրնամ. ի պահանջել հարկին` պիտի շատցնեմ ունեցածս ուրիշներ շահագործելով եւ ունեցածէս բան մը պիտի չտամ ուրիշին»: Ագահ մարդը ծակաչք եւ դրամապաշտ է: Իր ունեցածը եւ իր դիզածը իրեն կուռք կամ պաշտամունքի առարկայ դարձուցած է: Այսպիսի մարդոց ակնարկելով` Պօղոս առաքեալ կը գրէ. «Իրենց ագահութիւնը կռապաշտութիւն է» (Եփես. 5 . 5):

Փռիւկիոյ Միդաս թագաւորին առասպելական պատմութիւնը պերճախօսօրէն կը բացատրէ ագահութեան ահաւոր հետեւանքները: Ըստ աւանդութեան, չաստուածները Միդասին յայտնեցին, թէ այս աշխարհի վրայ ինչ որ փափաքէր, իրեն պիտի շնորհէին: Միդաս ցանկաց գերբնական կարողութիւն ունենալ, որ որեւէ նիւթի դիպչելով` զայն ոսկի դարձնէր: Այդ կարողութիւնը տրուեցաւ իրեն: Ան հարստացաւ իր բաղձանքէն շատ աւելի: Բայց անօթի եւ ծարաւ մեռաւ, որովհետեւ ինչ բանի որ դպաւ, ոսկիի վերածուեցաւ, ինչպէս` իր ուտելիք կերակուրը եւ խմելիք ջուրը:

Այս աւանդական պատմութիւնը կեանքի գեղեցիկ առակ մըն է: Նիւթին ետեւէն մարդոց խելահեղ արշաւը, դրամապաշտութիւնը, ագահութիւնն ու ընչաքաղցութիւնը քանդիչ գլանի մը պէս կրնան կործանել մարդիկը:

6.- Որկրամոլութիւն (Gluttony).- Բարդ բառ մըն է` կազմուած որկոր (կոկորդ) եւ մոլութիւն բառերէն: Որկրամոլութիւնը չափազանց ուտելու անյագ ցանկութիւն մըն է: Որկրամոլը ինքզինք հիւանդ ընելու աստիճան շատակեր անձ մըն է. մէկը, որ կ’ապրի սոսկ ուտելու համար, եւ որուն ստամոքսը իր աստուածն է: Որկրամոլ մարդուն փիլիսոփայութիւնն է` «Կե՛ր, խմէ՛, ուրախացի՛ր, քանզի վաղը պիտի մեռնիս»: Որկրամոլը իր ակռաներով իր գերեզմանը կը փորէ: Ան իր մարմինը կը փճացնէ իր անվերջ շատակերութեամբ` մոռնալով, որ ան Աստուծոյ տաճարն է:

Աստուածաշունչին մէջ աղքատ Ղազարոսի պատմութեան մէջ յիշուած մեծատունը, որ ամէն օր «փառահեղ խրախճանք կը սարքէր», (Ղուկ. 16 . 19 – 31) նմուշն է որկրամոլ եւ անձնակեդրոն մարդուն, ինչպէս, որ որկրամոլ Շարան հայոց աւանդական պատմութեան դասական օրինակն է:

7.- Բղջախոհութիւն (Lust or Impurity).- Բղջախոհութիւնը մարմնական ցանկութիւններու անձնատուր ըլլալու մեղքն է: Բղջախոհ անհատը ցանկասէր, տռփասէր անձ մըն է, որուն միտքն ու հոգին կլանուած են աղտոտ խորհուրդներով եւ ցոփ ու շուայտ  մտածումներով: Ան իր մարմնի կիրքերուն գերին դարձած է:

Հին ուխտի մէջ Առակաց Գիրքը բղջախոհութեան զոհ եղող մարդը կը նմանցնէ «պատժուելու գացող կապուած յիմարի մը» (Առակ. 7. 22), «կրակի կայծերու վրայ քալող» մէկու մը (6 . 27), «Իր անձը փճացնող» մէկու մը, որ վէրք եւ անարգանք կը գտնէ» (6. 32):

Այս տեսակ կեանք մը կը վարէր Օգոստինոս: Բայց օր մը Աստուած պատասխանեց Օգոստինոսի մօր` Մոնիքայի աղօթքին` իր զաւկի ապաշխարութեան ի խնդիր: Իր դրացիին պարտէզին առանձնութեան մէջ, կարծես երկինքէն եկած երկու հնչիւն սա բառերով Tolle lege (որ կը թարգմանուի` «Ա՛ռ եւ կարդա՛): Անմիջապէս իր տուն գնաց ու Աստուածաշունչը բացաւ եւ առաջին համարը որ իր աչքին զարկաւ Պօղոս առաքեալի հռոմայէցիներուն գրած թուղթին 13-րդ գլխուն 13-րդ համարը եղաւ. «Վայելչութեամբ ընթանանք, ինչպէս վայել է լոյսի մէջ քալողներուն` փոխանակ անառակութեամբ, արբեցողութեամբ, խառնակեցութեամբ ու պղծութեամբ»: Իր կեանքը նկարագրող այս ցնցիչ խօսքերէն ետք, յաջորդ համարին մէջ` Հռոմ. 13. 14-ի մէջ շարունակեց կարդալ իր կեանքի դարձակէտ ըլլալու սահմանուած պատգամը. «Տէր Յիսուս Քրիստոսի նկարագիրը ձեր վրայ առէք»:

Ահաւասիկ` եօթը մահացու մոլութիւններ կամ մեղքեր, որոնք ոչ միայն Աստուծոյ աչքին հաճոյ չեն երեւիր եւ Անոր ու մարդոց միջեւ մեծ խրամատ մը կը ստեղծեն, այլ մարդոց կեանքը կը քայքայեն:

Բայց Աստուած պատրաստ է ներելու մարդոց Տէր Յիսուս Քրիստոսի փրկարար եւ քաւչարար սիրով: առաքեալին խօսքով` «Մեղքին վարձատրութիւնը մահ է, բայց Աստուծոյ շնորհը յաւիտենական կեանք է, Յիսուս Քրիստոսի` մեր Տիրոջ միջոցով» (Հռով. 6. 23):

 

 

 

Նախորդը

«Հայկական Դրօշակը Բարձր Պահեցինք»

Յաջորդը

Լուրեր Կաթողիկոսարանէն

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.