Աւստրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ալեքսանտր Շալենպերկ երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մը հասաւ Լիբանան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին Շալենպերկ ընդգծեց, որ լաւագոյնը շրջանային տագնապին դիւանագիտական լուծում ապահովելն է:
Շալենպերկ հաստատեց Պաղեստինեան հարցին միջազգային լուծում ապահովելու կարեւորութիւնը, այնպիսի ձեւով, որ արժանապատիւ կեանք մը ապրելու պաղեստինցիներուն իրաւունքը երաշխաւորուի եւ շրջանին մէջ կայունութիւնը հաստատուի:
Շալենպերկ անդրադարձաւ նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն դերակատարութեան կարեւորութեան` կոչ ուղղելով բոլորին գործադրելու ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւը, որ կ՛երաշխաւորէ հարաւային Լիբանանի անվտանգութիւնը:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց Շալենպերկը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային զարգացումները:
Պու Հապիպ Եւ Շալենպերկ Ընդգծեցին Հարաւային
Սահմանագիծին Վրայ Խաղաղութեան
Վերահաստատման Անհրաժեշտութիւնը
Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ իր կարգին երէկ ընդունեց Շալենպերկը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին Շալենպերկ բարձր գնահատեց Պէյրութի մէջ արձանագրուած զարգացումն ու բարգաւաճումը` բաղդատած երեք տարի առաջ կատարած իր այցելութեան ընթացքին տիրած կացութեան:
Ան նշեց, որ լիբանանցի իր պաշտօնակիցին հետ քննարկած է Լիբանանի, Սուրիոյ եւ շրջանին իրադարձութիւնները, եւ յստակ է, որ կացութիւնը վատէն դէպի վատագոյնը կ՛ուղղուի:
Շալենպերկ ընդգծեց, որ 7 հոկտեմբեր 2023-ին Համասի կողմէ գործուած վայրագ յարձակումը պատճառ դարձաւ շրջանին ելեկտրականացման, սակայն Աւստրիա չի փափաքիր, որ ամբողջ շրջանին մէջ զինուորական գործողութիւններ ու մագլցումներ արձանագրուին եւ պատճառ դառնան շրջանին հրկիզումին:
«Այս իմաստով Լիբանան կրնայ վստահիլ Աւստրիոյ նեցուկին, որպէսզի տագնապը իրեն չհասնի», ըսաւ Շալենպերկ` կոչ ուղղելով բոլոր կողմերուն ինքնազսպումի ենթարկուելու` կանխարգիլելու համար սահմանային յաւելեալ մագլցումները:
Շալենպերկ ընդգծեց, որ Աւստրիա կը գուրգուրայ հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող իր ուժերուն:
Ան մաղթեց, որ Համասի գերեվարած իսրայէլացի պատանդներուն մասին համաձայնութիւնը գոյանայ ռամատանէն առաջ, որպէսզի կարելի ըլլայ անմիջական զինադուլ հաստատել եւ դէպի Կազա մարդասիրական օժանդակութիւն հասցնել:
Պատասխանելով այն դիտարկումին, թէ «Սի. Էն. Էն.»-ի համաձայն, Իսրայէլ կը ծրագրէ Լիբանանի դէմ ցամաքային ներխուժում մը կատարել գարնան աւարտին, Շալենպերկ յայտնեց. «Այցելեցի Թել Աւիւ, Ռամալլա, Երուսաղէմ եւ Ամման: Այդ այցելութիւններուն ընթացքին քննարկեցինք հիւսիսային Իսրայէլի կացութիւնը, հետեւաբար կը հաստատեմ, որ բոլորը պատասխանատու են յաւելեալ մագլցումներու դուռ չբանալու: Աւստրիա չի փափաքիր պատերազմին ընդարձակումը վկայել: Շրջանը արդէն իսկ բաւարար քանդում եւ վայրագութիւն վկայած է, հետեւաբար մենք կը փորձենք առկայ հարցերը լուծել եւ ոչ թէ նոր հարցեր ստեղծել»:
Իր կարգին, Պու Հապիպ յայտնեց, որ Իսրայէլ 1967-էն ի վեր բռնագրաւուած կը պահէ լիբանանեան հողեր, իսկ միջազգային օրէնքով բռնագրաւող կողմին դիմադրելը արտօնուած է: «Այս առումով, Շալենպերկի հետ քննարկեցի Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ծովային սահմանազատման կողքին ցամաքային սահմանազատումը կատարելու կարեւորութիւնը` անուղղակի բանակցութիւններով: Ցամաքային սահմանազատման հոլովոյթին ընդմէջէն Իսրայէլ Լիբանանին կը վերադարձնէ բռնագրաւուած լիբանանեան հողերը, եւ այդպիսով Հըզպալլայի հարցը լուծուած կ՛ըլլայ», ըսաւ ան:
Շալենպերկ այցելեց նաեւ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ Լիբանանի մէջ Աւստրիոյ դեսպան Ռընէ Փոլ Ամրի:


