Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պայտըն Յոյս Կը Յայտնէ Մինչեւ Յառաջիկայ Երկուշաբթի Կազայի Մէջ Զինադադար Հաստատելու, Սակայն…

February 28, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յայտարարեց, թէ յոյս ունի, որ Իսրայէլի եւ Համասի միջեւ Կազայի մէջ զինադադարի շուրջ համաձայնութիւնը կրնայ մինչեւ 4 մարտ ձեռք բերուիլ:

«Ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդականս (Ճէյք Սալիվըն, «Ա.») ինծի ըսաւ, որ մենք մօտ ենք: Մենք մօտ ենք, սակայն ատիկա տակաւին չէ կատարուած: Եւ ես յոյս ունիմ, որ մինչեւ յաջորդ երկուշաբթի պիտի ըլլայ զինադադար», ըսած է Ճօ Պայտըն` ի պատասխան զինադադարի բանակցութիւններու արդիւնքներուն մասին հարցումին:

Սպիտակ տան ղեկավարը աւելի ուշ «Էն.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Իսրայէլ աշխարհի տարածքին զօրակցութիւնը կորսնցնելու վտանգը կը դիմագրաւէ, եթէ պաղեստինցի զոհերուն թիւը շարունակէ բարձրանալ»:

«Իսրայէլ խոստացաւ Ռաֆահի բնակիչներէն մեծ թիւ մը դուրս բերել նախքան Համասի մնացորդը ոչնչացնելու գործողութեան սկսիլը», նշեց ան:

«Պէտք է կալանաւորուած գերիները ազատ արձակել»` յայտարարեց Պայտըն` աւելցնելով. «Իսրայէլ Ռամատան ամսուան ընթացքին զինուորական գործունէութիւն չկատարելու համաձայն գտնուեցաւ»:

«Եթէ ժամանակաւոր զինադուլ ստանանք, կարող պիտի ըլլանք շարժիլ ուղղութեամբ մը, ուր կարող պիտի ըլլանք ընթացքը փոխել: Անմիջապէս երկու պետութիւններու ստեղծման լուծումը չունինք, այլ` երկու պետութիւններու ստեղծման լուծումին հասնելու հոլովոյթ մը», ըսաւ Պայտըն:

Իսրայէլացի երկու պաշտօնատարներ «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ չեն գիտեր, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահը ի՛նչ հիմամբ լաւատես է Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման մօտալուտութեան նկատմամբ:

Ամերիկեան «Աքսիոս» կայքը հաղորդեց, որ քաթարցի միջնորդներ Իսրայէլին յայտնած են, որ Համասի բարձրաստիճան պաշտօնատարները յուսախաբ են գերիներու փոխանակման գործարքի նոր շրջագիծէն:

Անոնք նաեւ փոխանցած են, որ Համասի բարձրաստիճան պաշտօնատարները յայտնած են, որ առաջարկին ու իրենց պահանջներուն միջեւ մեծ բաց մը գոյութիւն ունի:

Իսրայէլացի պաշտօնատար մը «Աքսիոս»-ին յայտնած է. «Լաւատեսութեան համար մեծ տեղ չկայ, եւ այն, ինչ որ միջնորդներուն հետ իրագործեցինք, Համասի հետ վիհը չփակեց»:

«Ներկայ փուլին դժուար կը պատկերացնենք, թէ ինչպէս կրնանք ռամատանէն առաջ համաձայնութեան հասնիլ», նշած է իսրայէլացի պաշտօնատարը:

Լիբանանի մէջ Համասի ներկայացուցիչ Ահմետ Ապտելհատի «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ «Ռոյթըրզ»-ին գերիներու փոխանակման համաձայնութեան կէտերու սպրդում կատարելը «դիմադրութեան դէմ հոգեբանական պատերազմի ծիրին մէջ է, եւ այդ սպրդումները ամերիկեան գաղափարներ են»:

«Դիմադրութիւնը չէ հետաքրքրուած իր պահանջներէն որեւէ մէկէն հրաժարելով, եւ այն, ինչ որ կ՛առաջարկուի, չի բաւարարեր անոր պահանջները», ըսաւ Ապտելհատի` աւելցնելով. «Պիտի չհրաժարինք յարձակումը դադրեցնելու եւ պատուաւոր ու լուռ գործարք գործադրելու պահանջէն»:

Ան ըսաւ, որ պաղեստինեան շարժումը հետաքրքրուած է «գործադրելով գործարք մը, որ կը բաւարարէ պահանջները մեր ժողովուրդին, որ շատ բան տուաւ, եւ միջնորդութիւններով պիտի չառնեն այն, ինչ որ մարտի դաշտին մէջ չառին»:

Իսրայէլեան կառավարութեան բանբերը յայտնեց. «Կ՛ուզենք, որ պատանդները իրենց ընտանիքներուն վերադառնան, եւ կ՛ուզենք, որ Համասը Իսրայէլի համար վտանգ չներկայացնէ: Համաս միլիոնաւոր տոլարներ ծախսեց Կազայի մէջ փապուղիներու ցանց կառուցելու համար»:

«Մենք կարող ենք աւելի մարդասիրական օժանդակութիւններով բեռնաւորուած աւելի մեծաթիւ բեռնակառքեր խուզարկել», ըսաւ ան:

«Համաս պայմաններ դրաւ, որ Իսրայէլի վարչապետը երեւակայական որակեց: Համաս պէտք է իրատեսական պայմաններ ներկայացնէ», նշեց իսրայէլեան կառավարութեան բանբերը:

Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մաժետ Անսարի յայտնեց. «Միջնորդութեան ջանքերու ծիրին մէջ շարք մը զարգացումներ արձանագրուեցան»:

«Միջնորդութեան վերաբերեալ ջանքերը տարբեր մակարդակներով կը շարունակուին, եւ յայտարարելիք նոր բան մը չունինք», նշեց Անսարի` աւելցնելով. «Առնչակից կողմերուն միջեւ խօսակցութեան շարունակման լոյսին տակ լաւատես ենք, սակայն յատուկ զարգացում մը չկայ, որ յայտարարենք»:

«Կը ջանանք վերացնել որեւէ խոչընդոտ, որ համաձայնութեան գոյացումը կը խանգարէ», նշեց ան` աւելցնելով. «Կը յուսանք ռամատան ամսուան ընթացքին մարտական գործողութիւնները դադրեցնել կարողանալ»:

«Օժանդակութիւններու Կազա հասանելիութիւնը կը նահանջէ, եւ միջազգային ընտանիքը յստակ կերպով պէտք է միջամտէ», ըսաւ Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը` շեշտելով. «Միջազգային ընտանիքին կողմէ օժանդակութիւնները Կազա հասցնելու իսկական ճնշում չտեսանք»:

«Ցաւալի է, որ մարդասիրական կողմը բանակցութիւններուն մաս կը կազմէ», շեշտեց Անսարի:

Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլլըր` ակնարկելով պաղեստինեան կառավարութեան հրաժարականին նշեց, որ իր երկիրը կ՛ողջունէ «Պաղեստինեան իշխանութեան ինքզինք բարեփոխելու եւ վերանորոգելու քայլը»:

«Կը կարծենք, որ այս քայլերը դրական են: Եւ կը կարծենք, որ կարեւոր քայլ է Կազան եւ Այսրյորդանանը Պաղեստինեան իշխանութեան ղեկավարութեան տակ վերամիաւորելու նպատակի իրագործման համար», ըսաւ Միլլըր:

Ան ուղղակի կերպով մեկնաբանելով Պաղեստինի վարչապետ Մոհամետ Աշթիէի հրաժարականը ըսաւ, որ ատիկա պաղեստինեան ներքին հարց է: Ռամատան ամսուան ընթացքին զինուորական գործունէութիւն չկատարելու համաձայն գտնուեցաւ»:

Նախորդը

Մաքրոն Չի Բացառեր Եւրոպական Միութեան Երկիրներու Զօրքերու Ուքրանիոյ Մէջ Տեղակայումը

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ակնարկ.  Գլխաշորը Եւ Երէց-Կրտսեր Եղբայրներու Սրտնեղութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Գլխաշորը Եւ Երէց-Կրտսեր Եղբայրներու Սրտնեղութիւնը

October 19, 2026
Նախագահութեամբ Ազգային  Բարերար Ալեքքօ Պէզիքեանի.  ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Ա. «Նաւասարդեան»  Մարզախաղերու Հանդիսաւոր Բացում
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահութեամբ Ազգային Բարերար Ալեքքօ Պէզիքեանի. ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Ա. «Նաւասարդեան» Մարզախաղերու Հանդիսաւոր Բացում

October 19, 2026
Հանդիսաւոր Ճաշկերոյթ` «Վանայ Ձայն»-ի  Հիմնադրութեան 40-Ամեակին Առիթով
Գաղութային

Հանդիսաւոր Ճաշկերոյթ` «Վանայ Ձայն»-ի Հիմնադրութեան 40-Ամեակին Առիթով

October 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.