Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

February 27, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 89.500 լ. ոսկի:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան յայտնեց, որ լիբանանեան-քուէյթեան երկկողմանի յարաբերութիւնները եղբայրական են, ամրապնդուած եւ փոխադարձ գործակցութեան վրայ հիմնուած:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարարի պաշտօնակատար Եուսեֆ Խալիլ յայտնեց, որ բաց գործադուլը շարունակելու պարագային պետական մարզի պաշտօնեաներուն ամսական աշխատավարձը վտանգի ենթակայ պիտի ըլլայ, ինչ որ պիտի անդամալուծէ պետական մարզի բոլոր աշխատանքները:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ թշնամի Իսրայէլ շատ գէշ կացութեան դիմաց պիտի գտնուի, եթէ Լիբանանի նկատմամբ իր հաշիւներուն մէջ սխալի: Ան նկատել տուաւ, որ ամերիկացիները իրենց կարգին մեղսակից են իսրայէլացիներուն գործած ոճիրներուն:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ճիմի Ժապպուր կոչ ուղղեց Հըզպալլային ընդառաջելու այն հրաւէրներուն, որոնք կը կանխարգիլեն Լիբանանը լայնածաւալ պատերազմի մը մէջ ներքաշելու հաւանականութիւնը:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա կոչ ուղղեց վերջ տալու լիբանանցիները անմիտ նկատող վարուելակերպին: Ան հաստատեց, որ դրամատուներուն մէջ իր գումարները կորսնցուցած քաղաքացին արդէն իսկ բաւարար չափով հանդուրժած է անարդարութիւնը, «հետեւաբար մենք կարիքը ունինք ելեւմտական մարզը կանոնաւորելու ծրագիրի մը», յայտնեց ան:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա յայտնեց, որ Դիմադրութեան արձակած կրակը կը հրկիզէ` աւելցնելով, որ Պաալպեքի կամ որեւէ այլ շրջանի դէմ գործուած իսրայէլեան բռնարարք անպատասխան պիտի չմնայ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ պետական եւ ժողովրդային մակարդակներուն վրայ իսրայէլեան բռնարարքներուն դիմադրող Լիբանանը կը պնդէ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւը գործադրելու իր յանձնառութիւնը:

ԴԱՏԱԿԱՆ իշխանութեան գերագոյն խորհուրդը գուժեց դատական իշխանութեան քննչական խորհուրդի նախկին ընդհանուր քննիչ, դատաւոր Հիւսէյն Իպրահիմ Շեհինի մահը:

ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Ներքին ապահովութեան ուժերը ձերբակալած են Թրիփոլիէն ապօրինի գաղթականութիւն կազմակերպող պատասխանատուներէն մէկը, որ սուրիացի մըն է, եւ որուն անուան սկզբնատառերն են Օ. Ժ., ծնեալ` 1966-ին:

 

Նախորդը

Պաղեստինցիները Ռաֆահէն Տեղափոխելու Իսրայէլեան Ծրագիր

Յաջորդը

Դերասան Ֆետի Իպրահիմ Կեանքէն Հեռացաւ

RelatedPosts

Պարրօ. «Ստեղծել Միջազգային Նոր Կառոյց Մը`  Լիբանանի Գերիշխանութեան Սատարելու  Եւ Բանակի Տեղակայման Նպաստելու Համար»
Լիբանանեան

Պարրօ. «Ստեղծել Միջազգային Նոր Կառոյց Մը` Լիբանանի Գերիշխանութեան Սատարելու Եւ Բանակի Տեղակայման Նպաստելու Համար»

October 19, 2026
Պաղտատի Մէջ Ռաժժի-Արաղչի «Երկարատեւ»  Հանդիպում Եւ «Անկեղծ» Քննարկում
Լիբանանեան

Պաղտատի Մէջ Ռաժժի-Արաղչի «Երկարատեւ» Հանդիպում Եւ «Անկեղծ» Քննարկում

October 19, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.