Չորեքշաբթի, 21 փետրուար 2024-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը աւելի քան մէկ ժամ հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի մէջ Քաթարի դեսպան շէյխ Սէուտ Պըն Ապտելռահման Ալ Թանիին հետ:
Հանդիպումին, նախ եւ առաջ, անդրադարձ կատարուեցաւ շուրջ ամիս մը առաջ Քաթարի վարչապետ Մոհամետ Պըն Ապտելռահման Պըն Ժասեմ Ալ Թանիի հրաւէրին ընդառաջելով` վեհափառ հայրապետին Քաթար այցելութեան եւ յատկապէս վարչապետին հետ քննարկուած նիւթերուն: Ինչպէս ծանօթ է, Քաթարը առանցքային դերակատարութիւն ունի թէ՛ Լիբանանի նախագահական ընտրութեան եւ թէ՛ Կազայի պատերազմին լուծման ճիգերուն մէջ:
Վեհափառ հայրապետը յատկապէս Լիբանանի առնչուած հարցերուն գծով իր տեսակէտները պարզեց` շեշտելով շուտափոյթ նախագահական ընտրութիւն կատարելու կարեւորութիւնը. միաժամանակ ան իր գնահատանքը յայտնեց Քաթարի հայ համայնքին նկատմամբ պետութեան ցուցաբերած բարեացակամ վերաբերումին համար:
Դեսպանը, իր կարգին, նախագահական ընտրութեան գծով կատարուող խորհրդակցութիւններուն մասին տեղեակ պահեց վեհափառ հայրապետը:
Հանդիպման աւարտին, վեհափառ հայրապետը նամակ մը յանձնեց դեսպանին` ուղղուած Քաթարի վարչապետին:


