Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի կողմէ պարտադրուած «Արեան դիմաց արիւն» վերջին տարազը փաստեց, որ հարաւային Լիբանանի մէջ արձանագրուող բախումները ո՛չ դիւանագիտական ջանքերով եւ ո՛չ ալ զինուորական առումով պիտի մեղմանան, որովհետեւ Դիմադրութիւնը պիտի շարունակէ Կազային օժանդակելու իր գործողութիւնները:
Այս դէպքերուն լոյսին տակ կը նախատեսուի, որ ամերիկեան եւ ֆրանսական կողմերը աշխուժացնեն դիւանագիտական իրենց ջանքերը` կանխարգիլելու համար Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ ընդարձակ պատերազմի մը բռնկումը:
Ներկայիս դիւանագիտական ոչ մէկ քայլ կ՛առնուի Լիբանանի նկատմամբ, սակայն հարաւային սահմանը աւելի եւս թէժանալու պարագային կը նախատեսուի, որ միջազգային պատուիրակներ, ինչպէս` Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի աւագ խորհրդական Էյմըս Հոքշթայն եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիան այցելեն Լիբանան` փորձել մեղմացնելու զինուորական գործողութիւնները:
Անկախ դիւանագիտական ջանքերու այս անորոշութենէն, գետնի վրայ բախումները իսկապէս կը թէժանան:
Իսրայէլի կողմէ Լիբանանի դէմ գործուած բռնարարքներուն լոյսին տակ, իսրայէլեան օդուժը երէկ երեկոյեան ժամը 5:35-ին ռմբակոծեց Սայտան:
Իսրայէլեան բանակի բանբերը հաստատեց, որ իսրայէլեան բանակը Սայտայի Ղազիէ շրջանին մէջ ռմբակոծած է Հըզպալլայի զինամթերքի պահեստանոց մը` իբրեւ պատասխան իսրայէլեան Թապարիա բնակեցման վայրին վերեւ անօդաչու թռչող սարքով գործուած յարձակումին:
Բանբերը շեշտեց, որ Իսրայէլ պիտի շարունակէ ցնցիչ պատասխաններ տալ Հըզպալլայի զինուորական գործողութիւններուն:
Իսրայէլեան բանակը ռմբակոծեց Պուսթան, Եարին, Ատայսէ, Մահաֆեր եւ Սայտա-Ղազիէ շրջանները:
Հըզպալլայի զինուորական տեղեկատուութեան համաձայն, Դիմադրութեան մարտիկները համապատասխան հրթիռով ռմբակոծեցին իսրայէլեան Հըրշ Ռամիմ դիրքը եւ արձանագրեցին ուղղակի հարուածներ` դիրքին մօտակայքը գտնուող իսրայէլացի զինուորներուն դէմ:
Դիմադրութեան մարտիկները ռմբակոծեցին իսրայէլեան Պըրքեթ Ռիշա դիրքը եւ ուղղակի հարուած հասցուցին անոր:
Անոնք համապատասխան հրթիռներով թիրախ դարձուցին նաեւ իսրայէլեան Ռամթա եւ Սըմմեքա դիրքերը:


