Ուրբաթ, 16 փետրուար 2024-ին, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն այցելեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին:
Հանդիպման ընթացքին ընդհանրապէս քննարկուեցան Լիբանանը եւ լիբանանահայութիւնը յուզող հարցեր: Կեդրոնական կոմիտէն շնորհակալութիւն յայտնեց վեհափառ հայրապետին` Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ ընկերային-տնտեսական դժուար պայմաններուն Լիբանանի հայութեան նկատմամբ ցուցաբերած հայրական հոգածութեան եւ գործնական զօրակցութեան համար:
Վեհափառ հայրապետը ողջունելով Լիբանանի հայ համայնքին մէջ վերջին շրջանին տեղի ունեցող դրական նախաձեռնութիւնները` կարեւորութեամբ շեշտեց մեր ժողովուրդը մեր համայնքի կառոյցներուն շուրջ համախմբելու եւ համայնքին կազմակերպչական նոր թափ տալու հրամայական անհրաժեշտութիւնը:


