Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սաատ Հարիրի Այցելեց Պըրրիի

February 17, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան 19-րդ տարելիցին առիթով Լիբանան վերադարձած նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի նախանցեալ երեկոյեան այցելեց Այն Թինէ, ուր դիմաւորուեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կողմէ:

Մտերմիկ հանդիպումի մը ընթացքին Պըրրի եւ Հարիրի քննարկեցին լիբանանեան իրադարձութիւններն ու երկրին մէջ արձանագրուած զարգացումները:

Միւս կողմէ, Հարիրի լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ժողովուրդը 14 փետրուարին իր խօսքը ըսաւ` ընդգծելով, որ ինք տակաւին համոզուած չէ, թէ քաղաքական ասպարէզ իր վերադառնալուն ժամը հասած է:

Հարիրի շեշտեց, որ Լիբանան կը դիմագրաւէ շարք մը տագնապներ, եւ երկրին վիճակը կարելի չէ կանոնաւորել առանց նախագահական ընտրութեան:

Ան դիտել տուաւ, որ երկրին մէջ ստեղծուած դատարկութիւնը պետութեան համար մահացու մթնոլորտ է` աւելցնելով, որ խորհրդարանական պլոքները պատասխանատու են երկրին մէջ տիրող կացութեան:

Հարիրի նկատել տուաւ, որ 2016-ի համաձայնութիւնը ձախող փորձառութիւն մըն է` աւելցնելով սակայն, որ այս չի նշանակեր, թէ բոլոր փորձառութիւնները ձախող են:

Այլ հարցումի մը պատասխանելով` Սաատ Հարիրի շեշտեց, որ եթէ ինք շօշափէ այնպիսի փաստեր, թէ սիւննի համայնքի զաւակները կ՛ուղղուին դէպի ծայրայեղութիւն, ապա կը միջամտէ:

Հարիրի դիտել տուաւ, որ Սէուտական Արաբիոյ հետ իր յարաբերութիւններուն մասին գրուած բոլոր տեղեկութիւնները անճիշդ են` հաստատելով, որ քաղաքական ասպարէզէն հեռանալը իր անձնական որոշումն էր:

Նշենք, որ Հարիրիի արտաքին հարցերու խորհրդական Ժորժ Շաապան յայտնեց, որ Հարիրի իր արտաքին յարաբերութիւնները չէ խզած` նկատել տալով, որ ան քաղաքական աշխատանքին պիտի վերադառնայ ազգային իր ծրագիրով:

Երէկ կէսօրէ ետք Հարիրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքէն, ինչպէս նաեւ ընդունեց բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունը:

Նախորդը

Միքաթի-Հոքշթայն Հանդիպում` Միւնիխի Մէջ

Յաջորդը

ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Սաատ Հարիրիի

RelatedPosts

Լիբանանեան Նախարարական  Պատուիրակութիւն Մը  Դամասկոս Այցելեց
Լիբանանեան

Լիբանանեան Նախարարական Պատուիրակութիւն Մը Դամասկոս Այցելեց

November 3, 2026
Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ  Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական  Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան  Մատակարարումը Ընդհատել
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան Մատակարարումը Ընդհատել

November 3, 2026
Ժողովրդավարական Հանդիպում  Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Ժողովրդավարական Հանդիպում Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.