Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն. Պարոյր Սեւակի Ծննդեան 100-Ամեակ Եւ «100 Բանաստեղծութիւն» Հատորի Հրատարակութիւն

February 17, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պարոյր Սեւակի ծննդեան 100-ամեակին առիթով, նախաձեռնութեամբ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան եւ գործակցութեամբ Համազգայինի Երեւանի գրասենեակին եւ «Պարոյր Սեւակ» տուն-թարգարանին, խմբագրութեամբ Պարոյր Սեւակի թոռնիկին` Սեւակ Ղազարեանի, լոյս պիտի տեսնէ Սեւակի «100 բանաստեղծութիւն» հատորը:

Հատորը, գործակցութեամբ լիբանանահայ վարժարաններուն, նուէր պիտի տրամադրուի բարձրագոյն կարգի աշակերտութեան: Կազմակերպուած է նաեւ  արտասանական միջդպրոցական մրցանք, որուն իւրաքանչիւր վարժարան պիտի մասնակցի մէկ աշակերտով: Արտասանական մրցանքին մատուցումները պիտի տեղադրուին Համազգայինի հրատարակչատան-գրատարածի դիմատետրեան «Kantsaran-Գանձարան» էջին վրայ, եւ քուէարկութիւնը պիտի կազմէ արժեւորման 25 առ հարիւրը, իսկ մնացեալ 75 առ հարիւրը պիտի կազմէ դատական կազմի որոշումը:

Ուրբաթ, 22 մարտ 2024-ին, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան եւ «Գիր եւ գրականութեան» մասնագիտացած մասնաճիւղին, տեղի պիտի ունենայ Պարոյր Սեւակի ծննդեան 100-ամեակի հանդիսութիւնը եւ «100 բանաստեղծութիւն» հատորի շնորհահանդէսը:

Լիբանան հրաւիրուած են հատորի խմբագիր Սեւակ Ղազարեանը, որ հանդիսութեան պիտի արտասանէ իր խօսքը, եւ` հայրենի վաստակաշատ դերասան ու ասմունքող Դաւիթ Յակոբեանը, որ պիտի ներկայացնէ Սեւակի բանաստեղծութիւններէն գեղեցիկ փունջ մը: Հանդիսութեան բանախօսն է Համազգայինի Հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկի ու Երեւանի պետական համալսարանի շրջանաւարտ եւ գրականութեան ուսուցչուհի Սալբի Քիւրքճեան-Թաշճեանը, որ միաժամանակ կատարած է հատորի մեսրոպեան ուղղագրութեան փոխադրութիւնը: Նոր լոյս տեսնելիք հաստակազմ հատորը Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան կողմէ նուէր պիտի տրամադրուի ներկաներուն:

Արտասանական մրցանքին առաջին երեք դիրքերը գրաւող աշակերտները մասնակից պիտի դառնան այս առիթով գործադրուելիք գեղարուեստական յայտագիրին: Յայտագիրին պիտի մասնակցին նաեւ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի դասախօսներ եւ աշակերտներ:

Յայտնենք, որ Սեւակ Ղազարեան եւ Դաւիթ Յակոբեան պիտի այցելեն նաեւ հայկական վարժարաններ եւ հանդիպումներ պիտի ունենան աշակերտներուն հետ:

Շաբաթ, 23 մարտին, Այնճարի Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղին նախաձեռնութեամբ, նաեւ պիտի կազմակերպուի Պարոյր Սեւակի ծննդեան 100-ամեակի հանդիսութիւն եւ հատորի շնորհահանդէս, եւ հոն նաեւ, հրատարակչատան կողմէ, գործակցութեամբ մասնաճիւղի վարչութեան, հատորը նուէր պիտի տրամադրուի ներկաներուն:

Համազգայինի Կիպրոսի մասնաճիւղին եւ Քուէյթի Ազգային վարժարանին հետ գործակցաբար, հատորը նուէր պիտի տրամադրուի նաեւ Կիպրոսի եւ Քուէյթի բարձր կարգի աշակերտութեան, իսկ հրատարակչատան կողմէ հատորը պիտի նուիրուի Հալէպի Ճեմարանի աւարտական դասարանի աշակերտութեան:

Այս առիթով Համազգայինի հրատարակչատունը շնորհակալութիւն կը յայտնէ հատորի մեկենասութեան եւ շնորհահանդէսի իրականացման սատարող բոլոր անհատներուն:

Վստահ ենք, որ մեծ բանաստեղծին 100-ամեայ յոբելեանը եւ հատորին հրատարակութիւնը առիթ մը պիտի ընծայեն, յատկապէս նորահաս սերունդին, մօտէն ըմբոշխնելու հայ բանաստեղծութեան մէջ Սեւակի ունեցած մեծ ներդրումն ու անկորնչելի վաստակը:

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ
«ՎԱՀԷ ՍԷԹԵԱՆ» ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱՏՈՒՆ
«ԳԻՐ ԵՒ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ» ՄԱՍՆԱԳԻՏԱՑԱԾ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ

Նախորդը

Բժիշկ Յովհաննէս (Հաննա) Վարդապետ-Dr. John Wortabed` Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի Եւ Բժշկական Դպրոցի Հիմնադիրներէն Մէկը

Յաջորդը

Վարդանանց, Փետրուարեան Ապստամբութեան Եւ Արցախեան Պահանջատիրութեան Նուիրուած Ժողովրդային Տօնակատարութիւն Այնճարի Մէջ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.