Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

February 16, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 89.500 լ. ոսկի:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրիի խորհրդարանական յանձնախումբերը միացեալ նիստի մը հրաւիրեց յառաջիկայ երեքշաբթի, 20 փետրուար 2024-ին` քննարկելու համար շարք մը օրինագիծեր, որոնք կապուած են սեփական դպրոցներու ուսումնական խորհուրդներուն եւ դպրոցներու պիւտճէներու կազմաւորման, ինչպէս նաեւ հանգստեան կոչուած ուսուցիչներուն հատուցման սնտուկին:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ ընդունեց պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները` մասնաւորաբար նախագահական ընտրութեան թղթածրարը, ինչպէս նաեւ անոր ներկայացուց Ուաշինկթընի, Փարիզի եւ Լոնտոնի մէջ իր ունեցած հանդիպումներուն արդիւնքները:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա Հըզպալլայի ղեկավարներու (շէյխ Ռաղեպ Հարպ, սէյիտ Ապպաս Մուսաուի եւ Իմատ Մուղնիէ) նահատակութեան առիթով պատկերասփռուած ճառ մը պիտի արտասանէ այսօր կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու հարաւային Լիբանանի սահմանագիծին զարգացումները:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Ղատա Այուպ յայտնեց, որ կառավարութիւնը փախուստ կու տայ անդունդի եզրին գտնուող երկրին եւ դրամատուներուն մէջ գումար ունեցող քաղաքացիներուն նկատմամբ իր պատասխանատուութիւններէն:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Իզզէտտին յայտնեց, որ Դիմադրութիւնը թշնամիին դիմաց հզօր կերպով կանգնած է` աւելցնելով, որ որեւէ ընդարձակ յարձակում սանձազերծելու պարագային թշնամի Իսրայէլ պատասխանատուութիւն պիտի ստանձնէ:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Ալի Ֆայեատ ընդգծեց, որ Դիմադրութիւնը յաջողած է թշնամի Իսրայէլը ցաւցնել եւ անոր վնաս հասցնել:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի նախագահ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտին յայտնեց, որ հարաւային Լիբանանի Նապաթիէ շրջանին դէմ գործուած յարձակումը անպատասխան չի կրնար մնալ:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի անդամ շէյխ Նեպիլ Քաուք յայտնեց, որ Դիմադրութիւնը պատրաստուած է պատերազմի ընդարձակման հաւանականութեան` աւելցնելով, որ Դիմադրութեան որոշումն է արագ պատասխանել իսրայէլեան ռմբակոծումներուն եւ մագլցումին դէմ մագլցում արձանագրել:

Նախորդը

Գահիրէի Մէջ Կազայի Շուրջ Բանակցութիւնները Խոչընդոտներու Բախեցան

Յաջորդը

Բախման Կանոնները Խախտելէ Ետք Իսրայէլ Նապաթիէի Մէջ Գործած Է Սպանդ Մը

RelatedPosts

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց

October 3, 2026
Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Նախագահներ  Խաչատուրեանի Եւ Աունի Միջեւ
Լիբանանեան

Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Նախագահներ Խաչատուրեանի Եւ Աունի Միջեւ

October 3, 2026
«Երկրին Դիմագրաւած Բոլոր Սպառնալիքներուն Դէմ  Անհրաժեշտ Բոլոր Քայլերը Պիտի Որդեգրուին»  Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը
Լիբանանեան

Թուրքիոյ Հաղորդակցութիւններու Բաժանմունքի Նախագահութիւնը Կը Հերքէ Սուրիա-Հըզպալլա Ժողովի Լուրը

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.