Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ալֆա» Եւ «Թաչ» Ընկերութիւններու Պաշտօնէութեան Սենտիքան Հանդիպում Մը Ունեցաւ Խազենի Հետ Եւ Գործադուլը Չեղեալ Յայտարարեց

February 14, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեսփոխան Ֆարիտ Հայքալ Խազեն երէկ խորհրդարանին մէջ ընդունեց «Ալֆա» եւ «Թաչ» բջիջային հեռաձայնի ընկերութիւններու պաշտօնէութեան սենտիքան ներկայացնող պատուիրակութիւն մը:

Հանդիպումին աւարտին սենտիքան չեղեալ յայտարարեց իր գործադուլը եւ իբրեւ բարի կամեցողութիւն բջիջային հեռաձայնի ծառայութեան համար կանխաւ վճարուող քարտերը շուկային տրամադրութեան տակ դրաւ:

Իր կարգին, Խազեն ընդգծեց, որ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարի պաշտօնակատարը յանձնառու կը մնայ ամէն ջանք ի գործ դնելու` ապահովելու համար զոյգ ընկերութիւններուն պաշտօնէութեան իրաւունքներն ու անոնց աշխատավարձի բարելաւումը` պահպանելով հաղորդակցութեան մարզին շահերը:

Հանդիպումին ընթացքին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը կատարուեցաւ նաեւ Տեղեկատուութեան եւ հաղորդակցութեան միջոցներու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Մուսաուիի եւ յանձնախումբի զեկուցաբեր, երեսփոխան Քապալան Քապալանի հետ, որոնք ողջունեցին գոյացած այս համաձայնութիւնը:

Խազեն շնորհակալութիւն յայտնեց սենտիքային եւ բոլոր անոնց, որոնք բարի կամեցողութեան եւ գործակցութեան մօտեցում ցուցաբերեցին այս հարցին լուծման համար:

Նախորդը

Ֆրանսական Օժանդակութիւն` Ընդհանուր Ապահովութեան Ընդհանուր Տնօրէնութեան

Յաջորդը

Ֆրանսայի Կողմէ Սահմանագիծէն 10 Քմ Հեռանալու Առաջարկ` Հըզպալլային

RelatedPosts

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց

October 3, 2026
Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Նախագահներ  Խաչատուրեանի Եւ Աունի Միջեւ
Լիբանանեան

Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Նախագահներ Խաչատուրեանի Եւ Աունի Միջեւ

October 3, 2026
«Երկրին Դիմագրաւած Բոլոր Սպառնալիքներուն Դէմ  Անհրաժեշտ Բոլոր Քայլերը Պիտի Որդեգրուին»  Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը
Լիբանանեան

Թուրքիոյ Հաղորդակցութիւններու Բաժանմունքի Նախագահութիւնը Կը Հերքէ Սուրիա-Հըզպալլա Ժողովի Լուրը

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.