Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

February 14, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 89.500 լ. ոսկի:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը սղած է 15.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինի սակը` 15.000 լ. ոսկիով, մազութինը` 18.000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազինը` 3000 լ. ոսկիով : Հետեւաբար, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 1.588.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 1.628.000 լ. ոսկի, մազութը` 1.585.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 937.000 լ. ոսկի:

ՎԱՐՉԱՊԵՏԻ պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս պաղեստինեան զարգացումները:

ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ երէկ Եարզէի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ գաղթականներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Իսամ Շարաֆէտտինի հետ: Քննարկուեցան երկիրը յուզող իրադարձութիւնները: Միւս կողմէ, Սլիմ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ նաեւ երեսփոխան Ղասսան Աթալլայի հետ`  քննարկելու համար Լիբանանը յուզող հարցերը:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Թամմամ Սալամ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ շրջանի իրադարձութիւնները:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան ընդունեց երեսփոխան Աշրաֆ Ռիֆին, որուն հետ քննարկեց տեղական զարգացումները: Մեկնումի պահուն Ռիֆի յայտնեց, որ Ռաֆիք Հարիրիի յիշատակը այնքան կենդանի է այսօր եւ ան մնայուն ու մեծ ներկան է` լիբանանցիներու խիղճերուն մէջ:

ԱՐՏԱՔԻՆ եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբէն պատուիրակութիւն մը`  գլխաւորութեամբ երեսփոխան Ֆատի Ալամէի, ուղղուեցաւ Պրիւքսել, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ Եւրոպական Միութեան պատասխանատուներուն հետ:

Պիտի քննարկուին սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարն ու ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի ֆինանսաւորումը կասեցնելու որոշումին հետեւանքները` Լիբանանի վրայ:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Իպրահիմ Մուսաուի յայտնեց, որ սիոնական գոյացութեան կողմէ գործուած որեւէ անխոհեմութիւն պիտի ստանայ յարմար պատասխան:

Նախորդը

Պայտըն. «Աշխատանք Կը Տանինք Առնուազն 6 Շաբաթ Տեւողութեամբ Հանդարտեցման Յանգեցնող Գերիներու Ազատագրման Համաձայնութեան Վրայ»

Յաջորդը

Ֆրանսական Օժանդակութիւն` Ընդհանուր Ապահովութեան Ընդհանուր Տնօրէնութեան

RelatedPosts

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց

October 3, 2026
Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Նախագահներ  Խաչատուրեանի Եւ Աունի Միջեւ
Լիբանանեան

Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Նախագահներ Խաչատուրեանի Եւ Աունի Միջեւ

October 3, 2026
«Երկրին Դիմագրաւած Բոլոր Սպառնալիքներուն Դէմ  Անհրաժեշտ Բոլոր Քայլերը Պիտի Որդեգրուին»  Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը
Լիբանանեան

Թուրքիոյ Հաղորդակցութիւններու Բաժանմունքի Նախագահութիւնը Կը Հերքէ Սուրիա-Հըզպալլա Ժողովի Լուրը

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.