Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Միութեան Դեսպանը Կանչուած Է Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն

February 13, 2024
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

12 փետրուարին Ազրպէյճանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Փիոթր Միխալքոն կանչուած է երկրի արտաքին գործոց նախարարութիւն: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռիփորթ»-ը` յղում կատարելով Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան:

Հանդիպումի ընթացքին լուրջ մտահոգութիւն արտայայտուած է Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան գործունէութեան վերաբերեալ, ինչ որ, ըստ Պաքուի, «կը հակասէ այս առաքելութեան եւ անոր գործունէութեան վերաբերեալ նախնական համաձայնութիւններուն»:

Նշուած է, որ ի տարբերութիւն շրջանին մէջ կայունութեան եւ Ազրպէյճանի ու Հայաստանի միջեւ վստահութեան հաստատման յայտարարուած նպատակներուն, «առաքելութիւնը լայնօրէն կ՛օգտագործուի իբրեւ հակաազրպէյճանական քարոզչութեան գործիք»:

Եւրոպական Միութեան դեսպանին ուշադրութեան յանձնուած է, որ առաքելութիւնը դարձած է «հեռադիտակային դիւանագիտութեան գործակալ»` նպաստելով տարբեր եւրոպացի պաշտօնատարներու եւ ոչ պաշտօնական պատուիրակութիւններու այցելութիւններու, դէպի սահմանամերձ շրջաններ:

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան առաքելութեան դէմ յայտարարութիւն հրապարակած է:

«Վերջերս տեղի ունեցած միջադէպը` կապուած սահմանի անօրինական անցման փորձի կանխարգիլման հետ, Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջաններուն մէջ, լուրջ ստուեր կը նետէ այդ առաքելութեան յայտարարած խնդիրներուն վրայ», նշուած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:

«Այդ գործունէութիւնը, որ մտահոգութիւն կը յառաջացնէ, չի համապատասխաներ իբրեւ չէզոք դերակատար վստահութեան ամրապնդման աջակցող առաքելութեան յայտարարած խնդիրներուն: Եւրոպական Միութեան կոչ ուղղուած է ձեռնարկելու բոլոր անհրաժեշտ միջոցները Հայաստանի տարածքին մէջ տեղակայուած առաքելութեան լիազօրութեան համապատասխան իբրեւ չէզոք, քաղաքային եւ չզինուած առաքելութեան գործունէութեան համար, ինչպէս նաեւ ձեռնպահ մնալու որեւէ գործունէութենէ` ուղղուած Ազրպէյճանի գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան դէմ, կամ գործունէութենէ, որ այս կամ այն կերպով կ՛առնչուի անոր անվտանգութեան օրինական շահերուն», ընդգծուած է յայտարարութեան մէջ:

Պաքու վերջերս հաղորդեց, որ Ազրպէյճանի մէջ ձերբակալուած է Հայաստանէն սահմանը ապօրինի կերպով անցած Չեխիոյ քաղաքացի: Պաքուն փորձեց կապ գտնել անոր եւ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան միջեւ` Չեխիոյ քաղաքացին մեղադրելով լրտեսութեան յանցանքով:

 

Նախորդը

Երեւանի` Հռոմի Կանոնադրութեան Միանալէն Ետք. Քրեմլին Փութինի Հայաստան Այցելութեան Վերաբերեալ Հաւաստումներ Կը Պահանջէ

Յաջորդը

«Այն, Ինչ Որ Ազրպէյճանը Խաղաղութեան Պայմանագիրին Մէջ Կ՛առաջարկէ, Ամբողջովին Արդարացուած Է» Կ՛ըսէ Պաքուի Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանը

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Պայքարը Շարունակելու Ենք  Մինչեւ Յաղթանակ»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Պէտք Է Ամուր Կանգնիլ Եւ «Ո՛չ» Ըսել Փաշինեանի Եւ Ալիեւի Համատեղ Փաթեթին»

November 3, 2026
Տեղի Ունեցաւ «Հայաստան»  Խմբակցութեան Մամլոյ Ասուլիսը
Գլխաւոր լուրեր

Տեղի Ունեցաւ «Հայաստան» Խմբակցութեան Մամլոյ Ասուլիսը

November 3, 2026
«Թեհրան «Թրամփի Ուղի»-ին Շուրջ Լուրջ Մտահոգութիւններ Ունի,  Սակայն Կը Վստահի Երեւանին»  Կ՛ըսէ Իրանի Դեսպանը
Հայկական

«Թեհրան «Թրամփի Ուղի»-ին Շուրջ Լուրջ Մտահոգութիւններ Ունի, Սակայն Կը Վստահի Երեւանին» Կ՛ըսէ Իրանի Դեսպանը

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.