Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մուսաուի Հանդիպում Մը Ունեցաւ «Ալֆա» Եւ «Թաչ» Ընկերութիւններու Պաշտօնէութիւնը Ներկայացնող Պատուիրակութեան Հետ

February 13, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տեղեկատուութեան եւ հաղորդակցութեան միջոցներու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Մուսաուի երէկ խորհրդարանին մէջ ընդունեց «Ալֆա» եւ «Թաչ» բջիջային հեռաձայնի ընկերութիւններու պաշտօնէութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ զոյգ ընկերութիւններու պաշտօնէութեան սենտիքայի նախագահ Նեպիլ Եուսեֆի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ այն տագնապը, որուն պատճառով «Ալֆա» եւ «Թաչ» բջիջային հեռաձայնի ընկերութիւններու պաշտօնեաները գործադուլ յայտարարած էին:

Քննարկուեցան նաեւ այդ տագնապը լուծելու եւ գործադուլին վերջ տալու միջոցները:

Պատուիրակութիւնը դրական մօտեցում ցուցաբերեց այդ իմաստով, ինչպէս նաեւ հաստատեց, որ ինք կ՛ընդունի որեւէ առաջարկ, որ կ՛երաշխաւորէ պաշտօնէութեան իրաւունքներուն պաշտպանութիւնը:

«Ալֆա» եւ «Թաչ» բջիջային հեռաձայնի ընկերութիւններու պաշտօնեաները ներկայացնող պատուիրակութիւնը հաստատեց, որ իրենք պատրաստ են ընդառաջելու այդ ուղղութեամբ առաջադրուելիք որեւէ նախաձեռնութեան:

Մուսաուի շեշտեց պատասխանատու մարմիններուն հետ խորհրդակցութիւնները շարունակելու կարեւորութիւնը` խոստանալով պատուիրակութեան, որ իր կարգին պիտի խորհրդակցի հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարի պաշտօնակատար Ճոնի Քըրըմի հետ, որպէսզի կարելի եղածին չափ արագ որոշումներու յանգին այս հարցը լուծելու իմաստով:

Մուսաուի շեշտեց «Ալֆա» եւ «Թաչ» բջիջային հեռաձայնի ընկերութիւններու պաշտօնեաներուն դիմագրաւած տագնապը կարելի եղածին չափ արագ լուծելու անհրաժեշտութիւնը, որովհետեւ այդ տագնապը իր ժխտական ազդեցութիւնը կ՛ունենայ քաղաքացիներուն եւ այս մարզէն պետութեան տրամադրուող շահերուն վրայ:

Նախորդը

Ռաֆահի Վրայ Իսրայէլեան Յարձակում Մը Հարիւրաւոր Զոհեր Եւ Վիրաւորներ Կը Պատճառէ

Յաջորդը

Հարաւային Սահմանագիծին Վրայ Բախումները Կը Շարունակուին

RelatedPosts

Լիբանանեան Նախարարական  Պատուիրակութիւն Մը  Դամասկոս Այցելեց
Լիբանանեան

Լիբանանեան Նախարարական Պատուիրակութիւն Մը Դամասկոս Այցելեց

November 3, 2026
Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ  Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական  Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան  Մատակարարումը Ընդհատել
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան Մատակարարումը Ընդհատել

November 3, 2026
Ժողովրդավարական Հանդիպում  Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Ժողովրդավարական Հանդիպում Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.