Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն Գործընկերութեան խորհուրդի հինգերորդ նիստը տեղի պիտի ունենայ 13 փետրուարին Պրիւքսելի մէջ: Եւրոպական խորհուրդի մամլոյ ծառայութեան հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, նիստը պիտի սկսի ժամը 11:30-ին:
Ըստ հաղորդագրութեան, նիստի ընթացքին կողմերը միտքեր պիտի փոխանակեն Եւրոպական Միութիւն – Հայաստան Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի իրականացման ընթացքին եւ գործընկերութեան առաջնահերթութիւններուն, ինչպէս նաեւ գործընկերութեան առաւել յաւակնոտ ծրագիրի յառաջ մղման կարելիութիւններուն շուրջ:
Անդրադարձ պիտի կատարուի նաեւ քաղաքական երկխօսութեան, ժողովրդավարութեան, բարեփոխումներուն, օրէնքի գերակայութեան եւ մարդու իրաւունքներուն, տնտեսական, առեւտրական համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ գաղթին եւ մուտքի արտօնագիրի ազատականացման շուրջ երկխօսութիւն սկսելու հեռանկարներուն:
Բացի ատկէ, կողմերը կարծիքներ պիտի փոխանակեն քաղաքական հարցերու, ներառեալ շրջանային եւ անվտանգային հարցերու եւ արտաքին քաղաքականութեան վերաբերեալ:
Կը հաղորդուի, որ Հայաստանի պատուիրակութիւնը նիստին պիտի մասնակցի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի գլխաւորութեամբ, իսկ Գործընկերութեան խորհուրդը պիտի նախագահէ Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց ու անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել:
Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն Գործընկերութեան խորհուրդի չորրորդ նիստը գումարուած էր 18 մարտ 2022-ին, Պրիւքսելի մէջ:


