Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռայի Պատրիարքին Փոխանորդը Վեհափառին Լուսաբանութիւններ Տուաւ Թուրքիա Այցելութեան Շուրջ

April 5, 2012
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Սայահ արքեպիսկոպոսը եւ Արամ Ա. կաթողիկոս

Երեքշաբթի, 3 ապրիլ 2012-ի երեկոյեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս իր գրասենեակին մէջ ընդունեց մարոնի եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Ռայի պատրիարքի փոխանորդ Փոլ Սայահ արքեպիսկոպոսի այցելութիւնը: Պատրիարքը յատուկ պարտականութիւն տուած էր իր փոխանորդին վեհափառին այցելելու եւ լուսաբանութիւններ տալու Թուրքիա կատարած իր այցելութեան ու յատկապէս հայ ժողովուրդի Ցեղասպանութեան գծով Թուրքիոյ պետական պատասխանատուներուն հետ իր ունեցած խօսակցութեան շուրջ:

Պատրիարքական փոխանորդ սրբազանը նախ յայտնեց, որ Ռայի պատրիարք ջերմ ընդունելութեան արժանացած է Թուրքիոյ մէջ եւ հանդիպումներ ունեցած նախագահին, վարչապետին, արտաքին գործոց նախարարին եւ կրօնական հարցերու պատասխանատու նախարարին հետ: Ռայի պատրիարք իրեն համար պարտականութիւն նկատած է հայ ժողովուրդի Ցեղասպանութեան հարցը արծարծելու իր հանդիպումներուն ընթացքին: Յիշեալ հարցին գծով ամէնէն երկար ու լուրջ խօսակցութիւնը տեղի ունեցած է վարչապետ Էրտողանի հետ: Վարչապետը յայտնած է պատրիարքին, թէ «Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին, իբրեւ ստեղծուած կացութեան բնական հետեւանք, սպանութիւններ եղած են, ժողովուրդի տեղափոխութիւն կատարուած է, հետեւաբար, անհրաժեշտ է, որ պատմութեան այս շրջանը պատմաբաններուն կողմէ քննութեան ենթարկուի: Այս է մեր մօտեցումը: Մենք արդէն իսկ Հայաստանի պետութեան հետ այս գծով խօսակցութիւններ ունեցած ենք եւ պիտի շարունակենք ունենալ: Թուրքիան միշտ եղած է խաղաղութեան, արդարութեան ու կրօններու գոյակցութեան երկիր, ուր պետութիւն ու կրօն անջատ իրականութիւններ են. մարդկային իրաւունքները եւ ժողովրդավարութեան սկզբունքներն են, որոնք կը կառավարեն Թուրքիան. այսօր Թուրքիան պատրաստ է  համայնքներու` պետութեան կողմէ բռնագրաւուած կալուածները վերադարձնելու»:

Լսելէ ետք պատրիարքական փոխանորդին տուած բացատրութիւնները` վեհափառը հետեւեալ կէտերը շեշտեց.

ա) Լիբանանը համայնքներու ամբողջութիւն մըն է. համայնքի մը ցաւին ու ուրախութեան պէտք է բաժնեկցին նաեւ միւս համայնքները: Ահա այս իմաստով Մենք մեծապէս գնահատելի կը գտնենք Ռայի պատրիարքին նախաձեռնութեամբ հայկական հարցի արծարծումը Թուրքիոյ պետական պատասխանատուներուն մօտ:

բ) Թուրքիոյ պետական պատասխանատուներուն եւ յատկապէս վարչապետին կողմէ տրուած բացատրութիւնները Հայոց ցեղասպանութեան մասին մեր ժողովուրդին ծանօթ են: Դժբախտաբար, նո՛յն մօտեցումը կը շարունակէ ունենալ Թուրքիան միջազգային շրջանակներուն մէջ: Մօտեցում մը, որ չի համապատասխաներ պատմութեան ու ճշմարտութեան: Պատմական փաստերը յստակօրէն ցոյց կու տան, թէ պետական տարողութեամբ կատարուած ոճիր մըն էր հայ ժողովուրդին դէմ 1915-ի Ցեղասպանութիւնը:

գ) Ինչ կը վերաբերի բռնագրաւուած կալուածներու վերադարձի հարցին, դժբախտաբար, Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ տրուած որոշումը կը պատկանի 1939-էն ասդին պետութեան կողմէ բռնագրաւուած համայնքապատկան կալուածներուն: Ինչո՞ւ Թուրքիան աւելի ետ երթալով չի խօսիր 1915-1920-ական շրջանին բռնագրաւուած հայութեան պատկանող հազարաւոր եկեղեցապատկան կալուածներու մասին: Տակաւին չենք ակնարկեր անհատ հայերու կալուածներուն: Այս մասին ամիսներ առաջ Թուրքիոյ վարչապետին յղած ենք յատուկ նամակ մը, որ մնացած է անպատասխան:

դ) Ինքն իր մասին Թուրքիոյ գովասանքը Մենք կը նկատենք բնական. սակայն, տարօրինակ կը գտնենք քարոզի ընթացքին Ռայի պատրիարքին կողմէ կատարուած դրական արտայայտութիւնները Թուրքիոյ մասին (Պատրիարքական փոխանորդը այս կէտին շուրջ ճշդում մը կատարեց` ըսելով, որ մամուլը սխալ կերպով անդրադարձած է պատրիարքի խօսքին): Այս կէտին շուրջ է, որ հայ համայնքին մօտ ընդվզում մը յառաջացած է, յայտնեց վեհափառը:

ե) Վեհափառը իբրեւ եզրակացութիւն ըսաւ, թէ կարծէք օսմանեան շրջանի վերադարձ մը տեղի կ՛ունենայ շրջանին մէջ, երբ Թուրքիան ինքն իրեն իրաւունք կու տայ միջամտելու արաբական երկիրներու հարցերուն, երբ արաբական աշխարհէն ղեկավարներ, ներառեալ` լիբանանցիներ, յաճախակի այցելութիւններ կու տան Անգարա: Վեհափառը յայտնեց, որ պէտք չէ խաբուիլ ինքզինք մարդկային իրաւունքներու պաշտպան, կրօններու գոյակցութեան ջատագով նկատող Թուրքիոյ կեղծ դիմակէն. անոր ետին կը գտնուի նո՛յն ջարդարար Թուրքիան:

 

Նախորդը

ՀՅԴ-ն Եւ ՀԱՔ-ը Ոստիկանութենէն Կը Պահանջեն Տրամադրել Հայաստանէն Մշտապէս Բացակայող Քաղաքացիներու Ցանկը

Յաջորդը

Ֆինլանտայի Արտաքին Գործոց Նախարարը` Հայաստանի Մէջ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.