Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրանի Դեսպան. «Իրանը Իր Վարքագիծով Ու Ռազմաքաղաքական Քայլերով Ցոյց Տուած Է, Որ Սահմաններու Փոփոխութիւններ Պիտի Չհանդուրժէ»

February 7, 2024
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանը իր վարքագիծով ու ռազմաքաղաքական քայլերով ցոյց տուած է, որ սահմաններու փոփոխութիւններ պիտի չհանդուրժէ: «Սփութնիք Արմենիա» հաղորդեց, որ այս մասին յայտարարած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Իրանի դեսպան Մեհտի Սոպհանին` անդրադառնալով Ազրպէյճանի նախագահի «Զանգեզուրի միջանցք»-ի մասին յայտարարութիւններուն:

«Իրանի դիրքորոշումը շատ յստակ է ճամբու ապաշրջափակման հարցին մէջ` անիկա պէտք է ըլլայ տուեալ երկրի գերիշխանութեան ծիրին մէջ: Ի հարկէ, աշխարհի վրայ ընդունուած է, որ երբ կ՛ըսեն միջանցք, ատիկա կ՛ընկալուի իբրեւ հաղորդակցութեան կապ, սակայն այս շրջանին մէջ ատիկա ամբողջովին այլ կերպ կ՛ընկալուի: Ես կը գտնեմ, որ խաղաղութեան լեզուն կրնայ շրջանը դէպի կայունութիւն առաջնորդել: Մենք դարձեալ կը վերահաստատենք` դէմ ենք սահմաններու եւ աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւններուն», ընդգծեց դեսպանը:

Ան անդրադարձաւ նաեւ Արցախի տագնապի լուծման հարցին մէջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ձեւաչափին` նշելով, որ անիկա 30 տարի որեւէ արդիւնք չէ տուած:

«Հայ մտաւորական մը ինծի պատմած է, որ ամերիկացի պաշտօնատարը իրեն ըսած է` Մինսքի խմբակը ստեղծուած է, որ իրենք շրջանին մէջ իրենց ներկայութիւնը ապահովեն: Հետեւաբար, անոնք խաղաղութեան չեն ձգտած, որովհետեւ այստեղի պատերազմէն իրենց ոչինչ պիտի ըլլայ, տուժողները շրջանի երկիրները պիտի ըլլան: Եւ բնական է, որ մենք հետեւինք իրական խաղաղութիւն հաստատելուն», ըսաւ Սոպհանի:

Դեսպանը խօսեցաւ նաեւ «3+3» ձեւաչափին մասին` ըսելով, որ անիկա կրնայ յաջողութիւն ունենալ, եթէ մասնակից երկիրները ուզեն իրական խաղաղութիւն:

«3+3» ձեւաչափը միտուած է շրջանի երկիրներու խնդիրներու լուծման: Եթէ այս ձեւաչափը պիտի կարենայ շօշափելի ձեռքբերումներ արձանագրել, ապա միւս երկիրները եւս ցանկութիւն պիտի ունենան մասնակցելու այս հարթակին: Եւ, ի վերջոյ, խաղաղութեան հաստատման համար լաւագոյն ուղին տնտեսական կապերու հաստատումն է, եւ ոչ թէ լարուածութեան հրահրումը», յայտարարեց Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Իրանի դեսպանը:

Ըստ անոր, Իրանի դիրքորոշումը այն է, որ շրջանի խնդիրները պէտք է լուծեն ու երաշխաւորը ըլլան ինքնին շրջանի երկիրները:

 

Նախորդը

Պաքուն Կը Հեռացնէ Վկաները, Կարգը Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէին Է

Յաջորդը

Մամլոյ Հաղորդագրութիւն

RelatedPosts

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հայաստան Հացահատիկ Ուղարկուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հայաստան Հացահատիկ Ուղարկուած Է

February 2, 2026
Մասլեննիքով. «Հայաստանի Եւրոպական Միութեան Հետ Մերձեցումը Պիտի Ազդէ Ռուսիոյ Հետ Անոր Դաշնակցային Յարաբերութիւններուն Վրայ»
Հայկական

Մասլեննիքով. «Հայաստանի Եւրոպական Միութեան Հետ Մերձեցումը Պիտի Ազդէ Ռուսիոյ Հետ Անոր Դաշնակցային Յարաբերութիւններուն Վրայ»

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.