Անգլիոյ եւ Եւրոպայի «Չեմփիընզ լիկ»-ի ախոյեան Մանչեսթըր Սիթի երկուշաբթի գիշեր 3-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Պրենթֆորտը` այս վերջինիս դաշտին վրայ:
21-րդ վայրկեանին Նիլ Մոփէյ նշանակեց Պրենթֆորտի անակնկալ կոլը, բայց Ֆիլ Ֆոտըն 48-րդ վայրկեանին, առաջին կիսախաղը չաւարտած, կրցաւ հաւասարեցնել արդիւնքը:
Սիթի Բ. կիսախաղին սկիզբէն կրցաւ արդիւնքը բարձրացնել 2-ի` շնորհիւ նոյնինքն Ֆոտընի, Քեւըն տը Պրունյէի փոխանցումէն օգտուելով: 70-րդ վայրկեանին, այս անգամ Հաալանտի փոխանցումին վրայ, Ֆոտըն ամբողջացուց իր հեթ-թրիքը` նշանակելով Սիթիի 3-րդ կոլը եւ 3-րդ դիրքէն բարձրանալով 2-րդ դիրքի: Այժմ 2 կէտ կը բաժնէ պարագլուխի դիրքը գրաւող Լիվըրփուլն ու Սիթին, որ մրցում մըն ալ նուազ կատարած է: Մանչեսթըր Սիթիի մարզիչ Փեփ Կուարտիոլա շատ ուրախ էր խումբին վիճակէն, մանաւանդ որ Էրլինկ Հաալանտ վերադարձած է, մինչ տը Պրունյէ շատ լաւ մակարդակի վրայ է, ինչպէս է պարագան Ֆոտընի, որ իր ամէնէն լաւ տարեշրջանը կը կատարէ ըստ մարզիչ Կուարտիոլայի, հակառակ անոր որ Ֆոտըն մրցումէն ետք հարցազրոյցի մը ժամանակ յայտնեց, որ աւելի ուրախ կ՛ըլլայ, եթէ միշտ նոյն դիրքին վրայ խաղայ` նկատի ունենալով, որ յաճախ պատրաստ է մարզիչին յարմար գտած դիրքին վրայ խաղալ:
Ստորեւ «Փրեմիեր լիկ»-ի դասաւորումը` 23-րդ հանգրուանէն ետք.
1.- Լիվըրփուլ 51 (52-22) ԿԷՏ
2.- Մանչեսթըր Սիթի 49 (54-25) ԿԷՏ
3.- Արսենալ 49 (47-22) ԿԷՏ
4.- Ասթոն Վիլա 46 (49-30) ԿԷՏ
5.- Թոթենհամ 44 (49-35) ԿԷՏ
6.- Մանչեսթըր Եունայթըտ 38 (31-32) ԿԷՏ
7.- Ուեսթ Համ 36 (36-36) ԿԷՏ
8.- Պրայթըն 35 (42-38) ԿԷՏ


