«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան երէկ, եւ 6 մրցումներ բացակայելէ ետք Տալասի եւ «Էն. Պի. Էյ.»-ի աստղերէն Քայրի Ըրվինկ վերադարձաւ եւ առաջնորդեց Տալաս Մեւրիքսը դէպի յաղթանակ` Ֆիլատելֆիա 76-ըրզի դէմ, 118-102 արդիւնքով:
Ըրվինկ 23 կէտ եւ 8 էսիսթ կատարեց, մինչ Լուքա Տոնչիչ 19 կէտ աւելցուց այս տարեշրջանի հազուադէպ մրցումներէն մէկուն, որուն ընթացքին այս երկու մարզիկները միասնաբար դաշտ կը ներկայանային: Մօտ 1 տարի առաջ Ըրվինկ միացած էր Տալասի երեքուկէս ձախող տարիներ Պրուքլինի հետ խաղալէ ետք, ուր Պրուքլին ձեռք ձգելով Ըրվինկ-Տիւրենթ-Հարտըն եռեակը, փորձած էր ախոյեանութիւն շահիլ: Այս եռեակը միայն 16 մրցումներ խաղցան միասին շահելով 1 փլէյ-օֆի հանգրուան: Ըրվինկ այդ ժամանակ Քորոնա Ժահրի պատուաստ չէր ուզած ստանալ, բան մը, որ Նիւ Եորքի օրէնքներով արգիլուած էր դաշտ մտնել, եւ ան միայն օտար դաշտի վրայ մրցումները կրնար խաղալ: Ան միայն 143 մրցում խաղցաւ Պրուքլին Նեթցի հետ երեքուկէս տարուան ընթացքին: Այս տարի սակայն Ըրվինկ եւ Տոնչիչ վիրաւոր ըլլալով շատ մը մրցումներէ հեռու մնացին, եւ Տալաս պէտք է բարելաւէ իր դիրքը, որովհետեւ 8-րդ դիրքը գրաւելով արեւմտեան շրջանին մէջ դժուար մրցումներ կրնայ ունենալ փլէյ-օֆի մէջ, անշուշտ եթէ մտնէ նոյնիսկ: Այս զոյգը այս տարեշրջանի Տալասի 50 մրցումներէն միայն 23-ին միասնաբար մասնակցեցան:
Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ առանց Ժոել Էմպիիտի կրեց իր 11-րդ պարտութիւնը 15 մրցումներու ընթացքին: Էմպիիտ այս շաբաթ հաւանաբար ծունկի վերաբուժութեան ենթարկուի: Թոպիաս Հերիս, Քելլի Ուպրէ Ճունիըր եւ Թայրիս Մեքսի փորձեցին ձեւով մը Էմպիիտի բացակայութիւնը մոռցնել, բայց առաւելագոյնը, որ կրցան ընել, 11 կէտի առաւելութիւն մըն էր մրցումի առաջին կիսախաղին ընթացքին, բայց Տալաս մանաւանդ վերջին մասին 22 կէտ ալ հասցուց իր առաւելութիւնը, մինչ Քայրի 4-րդ մասին գրեթէ հանգիստ ըրաւ պահեստի աթոռներուն վրայ:
Աթլանթայի մէջ, տեղւոյն Հոքս 149-144 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Լոս Անճելըս Քլիփըրզի դէմ մրցումին:
Քուայ Լենըրտ 36 կէտ նշանակեց ի նպաստ Քլիփըրզի, որ 7 յաջորդական մրցումներ դաշտէն դուրս խաղցաւ` տանելով 6 յաղթանակ:
Ճէյմս Հարտըն 30 կէտ եւ 10 էսիսթ կատարեց, իսկ Փոլ Ճորճ աւելցուց 18 կէտ ի նպաստ Քլիփըրզի:
Թրէյ Եանկ, որ արեւելեան շրջանի շաբթուան լաւագոյն մարզիկը ընտրուած էր, 25 կէտ նշանակեց, մինչ Տիանտրէ Հանթըր 27 կէտ աւելցուց պահեստի աթոռներէն մասնակցելով: Աթլանթա 4 յաղթանակներէ ետք կը կրէր պարտութիւն մը:
Լենըրտ, որ իր կարգին արեւմտեան շրջանի լաւագոյն մարզիկն էր, 11 կէտ նշանակեց վերջին մասին, ուր Քլիփըրզ 8-2 յաջորդական կէտեր նշանակեց մրցումի աւարտէն 2:30 վայրկեան մնացած` Քլիփըրզի առաւելութիւն տալով 139-130 արդիւնքով:
Ստորեւ երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ – Թորոնթօ Ռեփթըրզ 138-100
Աթլանթա Հոքս – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ 144-149
Պրուքլին Նեթց – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ 98-109
Ֆիլատելֆիա – 76-ըրզ – Տալաս Մեւրիքս 102-118
Քլիվլենտ Քեւելիրզ – Սաքրամենթօ Քինկզ 136-110
Չարլոթ Հորնեթց – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 118-124


